Ռէալ Մատրիտի ֆրանսացի յառաջապահ Քարիմ Պենզեմա նուազագոյնը 3 շաբաթով պիտի բացակայի ֆութպոլի դաշտերէն` ազդրի մկանային վնասուածքի պատճառով, կը յայտնէ «Մարքա»:
Պենզեմա, որ վերջերս ապաքինած էր, թէեւ նախորդ շաբաթավերջին Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած «Լա լիկա»-ի 26-րդ հանգրուանին դաշտ ներկայացած էր, սակայն ստիպուած եղաւ Բ. կիսախաղին մրցումը չշարունակել:
Այս տարեշրջանին ան մայրաքաղաքի կազմին հետ մասնակցած է 20 մրցումի` դառնալով 19 կոլի հեղինակ: