Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ, Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեանի օգնական Կարէն Բարսեղեան ընդգրկուեցաւ Արարատ Երեւանի մարզիչներու խմբակին մէջ, այս մասին հաղորդեց երեւանեան ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ 2012-2014-ին 40 տարեկան Բարսեղեան եղած է Ուլիս Երեւանի մարզիչ: