Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ ֆետերասիոնին գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` ֆետերասիոնի աշխատակազմին եւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցող ակումբներուն գործադիր պատասխանատուներուն միջեւ:
Ֆետերասիոնի Ա. փոխնախագահ եւ գործադիր տնօրէն Արմէն Մինասեան, ֆետերասիոնի աշխատակազմի շարք մը ստորաբաժանումներու պատասխանատուներ եւ ակումբներու գործադիր պատասխանատուներ քննարկեցին ախոյեանութեան գարնանային բաժինի սկզբնաւորութեան (անիկա սկսաւ երէկ), Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներու պատկերասփռումին, ակումբներու հանրային կապերու խնդիրներուն հետ կապուած շարք մը հարցեր: