Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ` Նեպիլ Պատըր, պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ կը հրաժարի նախագահի իր պաշտօնէն:
Անոր այդ պաշտօնը պիտի շարունակէ կատարել Իզզաթ Քրայթեմ, որ ֆետերասիոնին անդամներուն կողմէ միաձայնութեամբ նշանակուեցաւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին նոր նախագահ: