
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, Չելսի 2-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ վտանգաւոր դիրքի վրայ գտնուող եւ Ա. դասակարգ փոխադրուելու վտանգին տակ եղող Նորուիչի դաշտէն:
Այս մրցումին Չելսիի պրազիլցի յառաջապահ Քենետի նշանակեց «Փրեմիեր լիկ»-ի այս տարեշրջանի ամէնէն արագ կոլը, երբ 40-րդ երկվայրկեանին ցնցեց Ճոն Ռուտիի բերդին ուռկանը:
Անոր խմբակից Տիեկօ Քոսթա, որ նշանակեց մրցումին եւ իր կազմին երկրորդ կոլը, 8-ի բարձրացուց այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն ընդհանուր հաշիւը:


