ՌՈՅԹԸՐԶ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռումանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը վեց ամիսով կախակայեց Ասթրայի մարզիչ Մարիուս Սումուտիքան, որ տեղական եւ միջազգային մրցումներու վրայ գրաւ կը դնէր:
Ռումանացի մարզիչը, որ 500-էն 900 եւրօ գրաւ կը դնէր բազմաթիւ մրցումներու վրայ, ստացաւ նաեւ 24 հազար ամերիկեան տոլարի տուգանք մըն ալ:
Ասթրայի պատասխանատուներէն Փիթըր Պուտուրու յայտարարեց, որ ակումբը պիտի բողոքէ այս վճիռին դէմ եւ պիտի պաշտպանէ իր մարզիչը: