Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Փիւնիկ Կը Մօտենայ Ալաշկերտի

Արարատ - Փիւնիկ մրցումով նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանը: Գործող ախոյեանը` Փիւնիկ, յաղթանակ մը արձանագրելով (2-1) մօտեցաւ պարագլուխի դիրքը գրաւող Ալաշկերտին: Արմէն Մանուչարեան (36-րդ) եւ Արթուր Քարտաշեան (57-րդ) նշանակեցին Փիւնիկի կոլերը: Բանանց 2-0 արդիւնքով յաղթեց Ալաշկերտին, իսկ Միքա` Շիրակին (1-0): Գանձասար Կապան 3-0 արդիւնքով յաղթեց Ուլիսին (ի բացակայութեան): Ստորեւ` դասաւորումը.   ԿԷՏ 1.- Ալաշկերտ 35...

Հայաստան – Պիելոռուսիա Մրցումին Համար. Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Կը Խոչընդոտէ ՖԱՖ-ին Տոմսեր Ձեռք Ձգելու Աշխատանքը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 25 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հանրապետական մարզադաշտին վրայ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ դէմ: Ազգային հաւաքականի` «Հայկական առաջին ճակատ» (ՖԱՖ) համակիրներու շարժումին պաշտօնական կայքը յայտարարութիւն մը տարածեց` նշելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը խոչընդոտէ ՖԱՖ-ին աշխատանքը, վերոնշեալ մրցումին համար տոմսեր ձեռք ձգելու գծով: Նշենք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք, ՖԱՖ-ի անդամները կը պահանջէին...

Աղուան Պապիկեան` Կոլի Հեղինակ

Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի միջնապահ Աղուան Պապիկեան, որ մաս կը կազմէ Պելխաթովի, Լեհաստանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ կոլի հեղինակ դարձաւ Չոփրի Կլուքովի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (1-1): 22 տարեկան ֆութպոլիստը իր կոլը նշանակեց 81-րդ վայրկեանին: Անոր կազմը այժմ 31 կէտով կը գրաւէ 7-րդ դիրքը:

Կռփամարտ. Գուրգէն Յովհաննիսեան Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը

Անափայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան կռփամարտի երիտասարդներու միջազգային յուշամրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող գերծանր կարգի մարզիկ Գուրգէն Յովհաննիսեան երէկ կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք վրացի իր մրցակիցին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ այսօր հայ կռփամարտիկը ոսկի մետալին համար պիտի մրցի Ռուսիոյ ախոյեանին դէմ:    

Մխիթարեանի Առաջին Մրցումը` Փարսէնի Հետ

Համլեթ Մխիթարեանի Կազմը Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց

Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թեհրանի Փարսեն իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին Շիրազի Ֆաժըր Սեփասիի հետ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը այժմ 33 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը, մինչ Ֆաժըր Սեփասի 49 կէտով կը գտնուի 3-րդ դիրքին վրայ: Նշենք, որ Փարսեն կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ – Ամալ Սալամ Զղարթա` 5-1

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը, որ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ հիւրընկալեց Ամալ Սալամ Զղարթան, 5-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Թէեւ հիւր կազմը ինք բացաւ մրցումին հաշիւը, սակայն Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով, երբ Յակոբ Տօնապետեանի օվըրէն ետք, Գէորգ Օհանեան գլուխով կոլ մը նշանակեց (37-րդ): 49-րդ վայրկեանին Քրիսթիան...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսին` Ցուցադրելով Բացառիկ Խաղարկութիւն Մը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Յաղթեց Սաժեսին` Ցուցադրելով Բացառիկ Խաղարկութիւն Մը

\ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ բաւական տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով եւ ցուցադրելով բացառիկ խաղարկութիւն մը` 86-70 արդիւնքով (21-20, 39-31, 66-50 եւ 86-70) յաղթանակ մը արձանագրեց: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ 34-ի բարձրացուց իր...

Ըմբշամարտ.  Բորանեան` Եւրոպայի Ախոյեան Ամոյեան Եւ Ալեքսանեան` Փոխախոյեաններ

Ըմբշամարտ. Բորանեան` Եւրոպայի Ախոյեան Ամոյեան Եւ Ալեքսանեան` Փոխախոյեաններ

Վարշամ Բորանեան ձախին Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ 71 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարշամ Բորանեան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը, կը յայտնէ ArmSport.am: Հայրենի ըմբիշը աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սերպիան ներկայացնող Ալեքսանտր Մաքսիմովիչին: Բորանեան զտումի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով յաղթած էր ռումանացի Թոմի Քլաուտիօ Հինովենասուին: 1-16-րդ հանգրուանին ան յաղթեց Ուկօ Միկել Տա Սիլվային, քառորդ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Արդիւնքները. Պարսելոնա, Պայէրն Միւնիխ, Փարիզ Սեն Ժերմեն Եւ Եուվենթուս Ամրապնդեցին Պարագլուխի Իրենց Դիրքերը

Հենրիխ Մխիթարեան (աջին) Նախորդ շաբաթավերջին եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի ունեցած մրցումներէն ոմանք եղան բաւական հետաքրքրական եւ կոլերով հարուստ: Շաբաթավերջի մրցումներուն մեծագոյն յաղթականը եղաւ Փարիզ Սեն Ժերմեն, որ 9-0 արդիւնքով ջախջախեց Թրուան: Զլաթան Իպրահիմովիչ նշանակեց 4 կոլ: Սպանիոյ մէջ առաջին երեք դիրքերը գրաւող խումբերը թէեւ յաղթանակներ արձանագրեցին, բայց մեծագոյն յաղթականը եղաւ Պարսելոնա, որ 6-0 արդիւնքով ջախջախեց Կեթաֆէն: Թէեւ Լիոնել...

Ճատրակ. Յաւակնորդներու Մրցաշարք. Արոնեանի Երկրորդ Հաւասարութիւնը, Ապա` Յաղթանակ Մը

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքի Բ. հանգրուանին իր կատարած մրցումին, հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան արձանագրեց իր երկրորդ յաջորդական հաւասարութիւնը, այս անգամ` հնդիկ Վիշվանաթան Անանտի հետ: 31-րդ շարժումին կողմերը համաձայնեցան հաւասարութեան մը` իրարու հետ: Նշենք, որ իր կատարած առաջին ճակատումին, Արոնեան հաւասարութիւնը (66-րդ շարժումին) արձանագրած էր Անիշ Կիրիի հետ (Հոլանտա), եզրափակեց ArmSport.am: Սակայն երէկ Արոնեան արձանագրեց մրցաշարքի իր առաջին...

Կռփամարտ. Անափայի Մէջ Հայրենի Մարզիկներուն Ելոյթները

Երէկ` կիրակի, 13 մարտին, Անափայի մէջ (Ռուսիա) սկիզբ առաւ Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան կռփամարտի երիտասարդներու միջազգային յուշամրցաշարքը: Հայաստանի կռամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երէկ մրցումներ կատարեցին Հայաստանի վեց ներկայացուցիչները: Վահէ Բադալեան (56 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (69 քկ) եւ Վան Մելքումեան (75 քկ) յաղթանակներ արձանագրելով ապահովեցին քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը. անոնք այսօր մրցումներ ունին կատարելիք: Սակայն Սամուէլ Սողոյեան (56 քկ), Արման...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ – Սաժես

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Սաժեսը: ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 31 կէտ: ՀՄԸՄ ամէն գնով պէտք է յաղթէ իր մրցակիցին` ամրապնդելու համար իր դիրքը: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի կիրարկել...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ամալ Սալամ Զղարթա

Լիբանանի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 12 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը կը մրցի Ամալ Սալամ Զղարթայի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ, պիտի սկսի յետմիջօրէին ժամը 14:15-ին: Թէեւ նախորդ վերջին երկու հանգրուաններու մրցումները տեղի ունեցան առանց համակիրներու` դռնփակ, սակայն համակիրներուն դաշտ մուտքը այժմ դարձեալ արտօնուած է: Հետեւաբար, ՀՄԸՄ-ի...

Հայաստանի Նախագահը Յաղթեց ՖԻՏԷ-ի Նախագահին

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մամլոյ քարտուղարութենէն` ArmSport.am հաղորդեց, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնի նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ ՖԻՏԷ-ի նախագահ Քիրշան Իլիումժինով կայծակնային ճատրակի չնախատեսուած խաղ մը կատարած են իրարու դէմ: Այս հանդիպումը աւարտած է նախագահ Սերժ Սարգսեանի յաղթանակով:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Պարագլուխի Դիրքերը Գրաւողները Ունին Թեթեւ Ճակատումներ

Այս շաբաթավերջին տեղի ունենալիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, այդքան ալ զօրաւոր ճակատումներ պիտի չկատարուին: Զօրաւոր նկատուող եւ դասաւորման վերին դիրքերուն վրայ գտնուողները թեթեւ ճակատումներ պիտի ունենան: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով. փակագիծերուն մէջ` խումբերուն գրաւած դիրքերը). ԱՆԳԼԻԱ. 30-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ. ԱՅՍՕՐ           ԺԱՄ Նորուիչ (18) - Մանչեսթըր Սիթի (4) 14:45 Պուրնըմաութ (14) - Սուանզի (16) 17:00 Մանչեսթըր Եունայթըտ...

Փինկ Փոնկ. Լիբանանեան Պատուիրակութիւնը Վերադարձաւ Մալեզիայէն

Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Քուալա Լամփուրէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի փինկ փոնկի 55-րդ ախոյեանութեան: Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի ախոյեան Մարիանա Սահակեան, Նոել Քէշիշեան եւ Լեթիսիա Ազատ, յաղթեց մալտիւեան կղզիներուն, Քոսովոյին, Մորիսեան կղզիներուն եւ Հարաւային ափրիկէին, մինչ պարտուեցաւ Թուրքմենիստանէն` 1 սեթի տարբերութեամբ: Իսկ տղոց ազգային խումբը, որուն մաս...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմը Որոշ Չափով Յստակացաւ

8-16 ապրիլին նորվեկիական Ֆորտ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը: Թէեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հրապարակեց հաւաքականին մաս կազմող 10 մարզիկներուն անունները, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ հակառակ այդ կազմին որոշ չափով յստականալուն, կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ: Այժմ հայրենի ծանրաբարձները ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ: Ստորեւ` հրապարակուած կազմը, Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ), Սմբատ Մարգարեան (56...

Մաքսուել Կը Մտադրէ Վերադառնալ Պրազիլ

Մաքսուել Կը Մտադրէ Վերադառնալ Պրազիլ

Մաքսուել Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Մաքսուել այս տարեշրջանի աւարտէն ետք շատ հաւանաբար վերադառնայ իր հայրենիքը Պրազիլ: «Սփորթ Մետիասեթ» կը հաղորդէ, որ փարիզեան ակումբը մտադիր չէ երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի այս ամառ: 34 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Քրուզէյրոն (Պրազիլ): Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ան այս տարեշրջանին կատարեց 20 մրցում եւ նշանակեց կոլ մը: Մարքօ Վերաթթի Այլ գետնի վրայ, Սեն...

Պենիթես Նշանակուեցաւ Նիւքասըլի Մարզիչ

Ռաֆայէլ Պենիթես (աջին) Երէկ, անգլիական Նիւքասըլ ֆութպոլի ակումբը խումբին նոր մարզիչ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսը: 55 տարեկան սպանացին, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, այսպիսով կը փոխարինէ Սթիւ Մաքլարընը: Նշենք, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Նիւքասըլ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը:

Ատեպայոր Կը Մերժէ Միանալ Թոկոյի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին

Անգլիական  Քրիսթալ Փալասի յառաջապահ Էմանուել Ատեպայոր մերժեց իրեն յղուած այն հրաւէրը, որ ստացած էր Թոկոյի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` միանալու համար երկրին ազգային խումբին, մասնակցելու համար 25 մարտին Թունուզի դէմ տեղի ունենալիք Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքին: 32 տարեկան Ատեպայոր ըսաւ, որ ինք մերժեց այդ հրաւէրը, որովհետեւ կ՛ուզէ կեդրոնանալ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն վրայ: Ան վերջին անգամ ազգային խումբին հետ տեսնուեցաւ յունիս 2015-ին: «Ռոյթըրզ» լրատու...

Page 1122 of 1276 1 … 1,121 1,122 1,123 … 1,276

Արխիւներ