Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 25 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Հանրապետական մարզադաշտին վրայ բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Պիելոռուսիոյ դէմ:
Ազգային հաւաքականի` «Հայկական առաջին ճակատ» (ՖԱՖ) համակիրներու շարժումին պաշտօնական կայքը յայտարարութիւն մը տարածեց` նշելով, որ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը կը խոչընդոտէ ՖԱՖ-ին աշխատանքը, վերոնշեալ մրցումին համար տոմսեր ձեռք ձգելու գծով:
Նշենք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութենէն ետք, ՖԱՖ-ի անդամները կը պահանջէին Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարականը:
ՖԱՖ կը պահանջէր նաեւ, որ տոմսերը աժան գինով ծախուին ֆետերասիոնին կողմէ, կ՛եզրափակէ ArmSport.am: