
Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունեցող Եւրոպայի ըմբշամարտի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ 71 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Վարշամ Բորանեան նուաճեց Եւրոպայի ախոյեանի կոչումը, կը յայտնէ ArmSport.am:
Հայրենի ըմբիշը աւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթեց Սերպիան ներկայացնող Ալեքսանտր Մաքսիմովիչին:
Բորանեան զտումի մրցումներուն 8-0 արդիւնքով յաղթած էր ռումանացի Թոմի Քլաուտիօ Հինովենասուին: 1-16-րդ հանգրուանին ան յաղթեց Ուկօ Միկել Տա Սիլվային, քառորդ աւարտականին` պուլկարացի իր մրցակիցին, իսկ կիսաւարտականին` Պալիթ Քորպասին (Պուլկարիա):

Ռոման Ամոյեան (59 քկ) ոսկի մետալին համար իր մղած պայքարին 8-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Ռուսիան ներկայացնող Մինկիան Սիմիոնովէն եւ հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան:
1-16-րդ հանգրուանին իր կատարած մրցումին Ամոյեան 9-0 արդիւնքով յաղթեց խրուաթ Իվան Լազաթովիչին քառորդ աւարտականին` վրացի Իրաքլի Շաւացէին (9-6), իսկ կիսաւարտականին` ուքրանացի Տմիթրօ Ցիմփա Լիուքին (4-0), իր այս լուրը կ՛եզրափակէ ArmSport.am:

Իր կարգին, Եւրոպայի փոխախոյեան հանդիսացաւ Արթուր Ալեքսանեան (98 քկ), որ թէեւ հասաւ աւարտականին, սակայն 4-0 արդիւնքով պարտուեցաւ ռուս Նիքիթա Մելնիքովէն:
Ան 1-16-րդ հանգրուանին յաղթեց ուքրանացի Տմիթրի Տիմաշենքոյին (8-0), քառորդ աւարտականին` աւստրիացի Տանիել Կասթլիին (6-2), իսկ կիսաւարտականին` թուրք Չենք Իլտեմին (6-2):
Յունահռոմէական ոճի 71 քկ դասակարգին մէջ Կարապետ Չալեան պրոնզէ մետալին տիրանալու համար իր մղած պայքարին ընթացքին 4-1 արդիւնքով յաղթեց ազրպէյճանցի Էլվին Մուրսալիեւին:


