
Փարիզ Սեն Ժերմենի միջնապահ Մաքսուել այս տարեշրջանի աւարտէն ետք շատ հաւանաբար վերադառնայ իր հայրենիքը Պրազիլ:
«Սփորթ Մետիասեթ» կը հաղորդէ, որ փարիզեան ակումբը մտադիր չէ երկարաձգել անոր պայմանագրութիւնը, որ կ՛աւարտի այս ամառ:
34 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած է Քրուզէյրոն (Պրազիլ):
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, ան այս տարեշրջանին կատարեց 20 մրցում եւ նշանակեց կոլ մը:

Այլ գետնի վրայ, Սեն Ժերմենի միջնապահ Մարքօ Վերաթթի մինչեւ յառաջիկայ ապրիլ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ, յայտնեց Lefigaro.fr կայքը:
Սակայն անոր բացակայութիւնը այդքան ալ մտահոգիչ չէ փարիզեան խումբին համար, որ Ֆրանսայի ախոյեանութեան տիտղոսը գրեթէ «գրպանած էր»: