\
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ` կիրակի, 13 մարտին, ՀՄԸՄ-ի տղոց պասքեթպոլի խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ բաւական տպաւորիչ մրցում մը ներկայացնելով եւ ցուցադրելով բացառիկ խաղարկութիւն մը` 86-70 արդիւնքով (21-20, 39-31, 66-50 եւ 86-70) յաղթանակ մը արձանագրեց:
Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, ՀՄԸՄ 34-ի բարձրացուց իր ունեցած կէտերուն հաշիւը եւ այժմ մէկ կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ռիատիէն, որ մրցում մը նուազ կատարած է: Իսկ Սաժես, որ իր 5 յաղթանակներուն կողքին կրեց իր 9-րդ պարտութիւնը, 24 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:

Պէտք է ըսել, որ ՀՄԸՄ-ի բոլոր մարզիկներն ալ եղան իրենց բարձրութեան վրայ` յաղթանակով աւարտելու համար իրենց այս ճակատումը, մինչդեռ Սաժեսի օտարականները եւ տեղացիները չտուին իրենցմէ ակնկալուածը բացի նորեկ մարզիկ Թոտ Օպրայընէն, որ համեմատաբար աւելի լաւ խաղարկութիւն մը ունեցաւ:
ՀՄԸՄ 38 թրի փոյնթերէն 10-ն հասցուց իրենց նպատակին, մինչ Սաժես` 27-էն 8-ը:
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 8, մինչ Սաժեսինը` 20:
ՀՄԸՄ ունեցաւ 43 ռիպաունտ, մինչ Սաժես` 45:
ՀՄԸՄ չորրորդ քորթըրին առաջին հինգ վայրկեաններուն 20 կէտով (80-60) գերազանցեց Սաժեսը:
Այս մրցումը տեւեց 1 ժամ 28 վայրկեան:
Ստորեւ` ՀՄԸՄ-ի մարզիկներուն նշանակած կէտերը եւ դաշտ ներկայացած ժամանակը.
Նորվել Փել (36′ 17″, 17 կէտ, 17 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Նետիմ Սուէյտ (35′ 51″, 17 կէտ, 8 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ), Ճասթին Թապզ (40′ 00″, 14 կէտ, 8 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Ահմետ Իպրահիմ (31′ 47″, 26 կէտ, 3 ռիպաունտ, 5 թրի փոյնթ), Սեւակ Քեթենճեան (9′ 26″, 1 ռիպաունտ), Պիլալ Թապպարա (2′ 56″), Պատիհ Սուէյտ (5′ 54″) եւ Տուայն Ճեքսըն (37′ 50″, 12 կէտ, 6 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ):
Ինչ կը վերաբերի Սաժեսի մարզիկներուն, Թոտ Օպրայըն նշանակեց 21 կէտ, (9 ռիպաունտ, Թերել Սթոկլին` 16 կէտ, 1 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ), Էլի Ռըսթոմ` 14 կէտ, (4 ռիպաունտ, 2 թրի փոյնթ) եւ Ռաթքա Վարտա` 6 կէտ, (3 ռիպաունտ, 1 թրի փոյնթ):
Օրուան իրաւարարներն էին Ատել Խուէյրի, Զիատ Թաննուս եւ Փոլ Սքայեմ:
Նշենք, որ 7-րդ հանգրուանին ՀՄԸՄ մրցում չունի կատարելիք:
ՀՄԸՄ իր յաջորդ մրցումը կը կատարէ երեքշաբթի, 22 մարտին` Հուփսի դէմ:
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, շաբաթ, 12 մարտին, Շանվիլ 84-79 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Թատամոնին:
Շանվիլէն Սանի Սաքաքինի նշանակեց 26 կէտ, իսկ Թատամոնէն Պրանքօ Սվեթքովիչ` 23 կէտ:
Այսօր, երկուշաբթի, 14 մարտին, այս հանգրուանը կ՛աւարտի, երբ ժամը 20:30-ին Պիպլոս կը հիւրընկալէ Հուփսը:


