Անգլիական Քրիսթալ Փալասի յառաջապահ Էմանուել Ատեպայոր մերժեց իրեն յղուած այն հրաւէրը, որ ստացած էր Թոկոյի ֆութպոլի ֆետերասիոնէն` միանալու համար երկրին ազգային խումբին, մասնակցելու համար 25 մարտին Թունուզի դէմ տեղի ունենալիք Ափրիկէի բաժակի մրցաշարքին:
32 տարեկան Ատեպայոր ըսաւ, որ ինք մերժեց այդ հրաւէրը, որովհետեւ կ՛ուզէ կեդրոնանալ «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն վրայ:
Ան վերջին անգամ ազգային խումբին հետ տեսնուեցաւ յունիս 2015-ին:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ նաեւ, որ ան որոշ խնդիրներ ունի թոկոյի մարզիչ Թոմ Սենթֆիեթի հետ: