
Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը վերադարձաւ Քուալա Լամփուրէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք աշխարհի փինկ փոնկի 55-րդ ախոյեանութեան:
Լիբանանի աղջկանց ազգային խումբը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի ախոյեան Մարիանա Սահակեան, Նոել Քէշիշեան եւ Լեթիսիա Ազատ, յաղթեց մալտիւեան կղզիներուն, Քոսովոյին, Մորիսեան կղզիներուն եւ Հարաւային ափրիկէին, մինչ պարտուեցաւ Թուրքմենիստանէն` 1 սեթի տարբերութեամբ:
Իսկ տղոց ազգային խումբը, որուն մաս կը կազմեն Լիբանանի ախոյեան Ռաշիտ Պըպպօ, Աւօ Մումջողլեան եւ Մոհամետ Համիէ, յաղթեց Սրի Լանքային, Ֆիլիփեան կղզիներուն եւ Կիպրոսի, մինչ պարտուեցաւ Իրլանտայէն, Էսթոնիայէն, Ինտոնեզիայէն եւ Ալճերիայէն:
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան մաս կազմեցին նաեւ Լիբանանի փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Սելիմ Հաժ Նիքոլա եւ ֆրանսախօս երկիրներու փինկ փոնկի ֆետերասիոնի նախագահ Միշել Տը Շատարեւեան:


