Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստան – Սերպիա` 1-1

Երէկ յետմիջօրէին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը իր երկրորդ բարեկամական մրցումը կատարեց, երբ անգամ մը եւս ճակատեցաւ Սերպիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ 1-1 արդիւնքով: Թէեւ Սերպիա 28-րդ վայրկեանին նշանակեց օրուան առաջին կոլը, սակայն 74-րդ վայրկեանին Էդգար Մովսիսեան հաւասարեցուց արդիւնքը: Բ. կիսախաղին Արամ Ոսկանեանի գլխաւորած ազգային խումբը մնաց 10 մարզիկով, երբ Գրիգորի Էմեքսուզեան կարմիր քարտ մը ստացաւ: Նշենք, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես Կրեց Իր 10-րդ Պարտութիւնը

  Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ Սաժես Ղազիրի իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Մութթահետը: Մինչեւ մրցումին վերջին երկվայրկեանները անորոշ էր, թէ ո՛վ պիտի ըլլայ օրուան յաղթականը: Մրցումին աւարտէն մէկ երկվայրկեան առաջ Մութթահետ կողով մը նշանակելով տարաւ վերջնական յաղթանակը` 96-95 արդիւնքով (21-21, 40-51, 77-76 եւ 96-95): Մրցումին ընթացքին Մութթահետ 16 կէտի առաւելութիւն մը...

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Ֆապիանոյի Հետ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքին ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները: Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան, որ իր դէմ ունէր ամերիկացի Ֆապիանօ Քարուանան, ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց անոր հետ` 30-րդ շարժումին:  

Ակումբներու Դասաւորման Մէջ.  Հայաստան 3 Դիրքի Ոստում Արձանագրեց

«Չեմփիընզ Լիկ». Եուվենթուս Եւ Արսենալ Դուրս Մնացին Մրցաշարքէն

«Չեմփիընզ լիկ»- ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Եուվենթուս եւ Արսենալ դուրս մնացին մրցաշարքէն: Երկարաձգումէն ետք, Եուվենթուս 4-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պայէրն Միւնիխէն` Գերմանիոյ մէջ: Իսկ Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա 3-1 արդիւնքով յաղթեց Արսենալին, այսպիսով իր կարգին ապահովելով յաջորդ հանգրուանի իր տոմսը:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Մարսէյ – Լիոն Գագաթի Ճակատում

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 1-16-րդ Հանգրուանի Դարձի Մրցումները

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան բաւական ճակատագրական մրցումներ` նկատի ունենալով, որ այս մրցումներուն լոյսին տակ 8 խումբեր դուրս պիտի մնան մրցաշարքէն: Բաւական տաք ճակատում մը կը խոստանայ ըլլալ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Լիվըրփուլ մրցումը, մանաւանդ որ Եունայթըտ 2-0 արդիւնքով պարտուած է: Ստորեւ` այսօր տեղի ունենալիք 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով....

Նէօյըր Մտադիր Չէ Հեռանալ Պայէրն Միւնիխէն

Պայէրն Միւնիխի բերդապահ Մանուէլ Նէօյըր իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ երբեք մտադիր չէ հեռանալ իր կազմէն` նկատի ունենալով, որ խումբէն դժգոհութեան ոչ մէկ պատճառ ունի: «Զիս երբեք չեն հետաքրքրեր շրջան ընող տարաձայնութիւնները, ըստ որոնց, պիտի լքեմ իմ կազմս` Պայէրն Միւնիխը», ըսաւ Նէօյըր, որուն պայմանագրութիւնը խումբին հետ կ՛աւարտի 2019-ին:  

Լուէյզի Ակումբը Պատուեց Տղոց Պասքեթպոլի Իր Խումբը

Լուսանկարը տրամադրեց` Անթոնի Մահֆուզ Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, որ տեղի ունեցաւ «Ուիլիըմզ Չիզ» ճաշարանին մէջ (Ժհիթա), Լուէյզի Զուք Մոսպեհ ակումբը պատուեց տղոց պասքեթպոլի իր խումբը: Այս երեկոյին ներկայ էին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ուալիտ Նասսար, փոխնախագահ Ֆարես Մըտաուար, ակումբին պատասխանատուները, մարզիկները, ինչպէս նաեւ մարզական լրագրողներ: Ակումբի նախագահ հայր Շարպել Հատտատ իր արտասանած խօսքին մէջ քաջալերեց մարզիկները աշխատանք տանելու` ամէն գնով...

Չելսի Եւս Կ՛ուզէ Ձեռք Ձգել Իպրահիմովիչը

Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ, որ 2015-2016 տարեշրջանի աւարտին ազատ ֆութպոլիստի կարգավիճակ պիտի ստանայ, բազմաթիւ առաջարկներ կը ստանայ: Ամերիկեան եւ չինական ակումբներուն, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Ա. Սէ. Միլանի առաջարկներէն ետք, այժմ 34 տարեկան շուէտացին իր կազմին մէջ կ՛ուզէ տեսնել նաեւ Չելսի: Ֆրանսական եւ միջազգային մամուլին համաձայն, Իպրահիմովիչ ցարդ չէ որոշած, թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ իր ապագան: Փարիզ...

Ուտինեզէ Ունեցաւ Իր Նոր Մարզիչը

Պաշտօնական յայտարարութեան մը ընդմէջէն Ուտինեզէ հաղորդեց, որ Լուիճի Տէ Քանիօ նշանակուեցաւ ակումբի նոր մարզիչ: 54 տարեկան մասնագէտը այսպիսով փոխարինեց Շթեֆանօ Քոլան-Թուոնոյին: Նշենք, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, այժմ Ուտինեզէ 30 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 16-րդ դիրքը:

Եուրօ-2016-էն Ետք Քոնթէ Պաշտօնապէս Պիտի Լքէ Իտալիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբը

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Քարլօ Թաւեքիօ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտէն անմիջապէս ետք, երկրի ազգային խումբի մարզիչ Անթոնիօ Քոնթէ պիտի լքէ իր պաշտօնը: Ան իր պաշտօնը ստանձնած էր 2014-ին: Ան շատ հաւանաբար ամրան ընթացքին նշանակուի Չելսիի մարզիչ:

Ուիլի Սանիոլ Պաշտօնանկ Եղաւ

Ֆրանսական Պորտօ ֆութպոլի խումբի պատասխանատուները այս շաբաթասկիզբին իրենց գումարած ժողովին ընթացքին որոշեցին պաշտօնանկ ընել խումբին մարզիչը` Ուիլի Սանիոլը, յայտնեց «Լ՛Էքիփ»: Յայտարարուեցաւ նաեւ, որ ակումբի նախկին բերդապահ Ուլրիշ Ռամէ անմիջապէս նշանակուեցաւ անոր յաջորդը: Նախորդ շաբաթավերջին խումբին` 4-0 արդիւնքով կրած ծանր պարտութիւնը հիւր կազմէն` Թուլուզէն, հաշտ աչքով չդիտուեցաւ պատասխանատուներուն կողմէ, որոնք ստիպուած եղան պաշտօնանկութեան այս որոշումը տալու: Այժմ Պորտօ, 30-րդ հանգրուանի մրցումներէն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – Մութթահետ Բացման Մրցումով Այսօր Կը Սկսի Դարձի 7-րդ Հանգրուանը

Օրուան մը հանգիստէ ետք, այսօր կը վերսկսին Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան մրցումները, երբ Սաժես - Մութթահետ բացման ճակատումով այսօր կը սկսի դարձի 7-րդ հանգրուանը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Ղազիրի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 20:30-ին: Այս հանգրուանին ՀՄԸՄ-ի կազմը մրցում չունի կատարելիք: ՀՄԸՄ-ի վերջին երկու մրցակիցները պիտի ըլլան Հուփս (8-րդ հանգրուան) եւ Թատամոն (9-րդ հանգրուան): Առաջին մրցումը...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, քննեց օրակարգին վրայ եղող իր հարցերը եւ հրապարակեց շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը: Իսլահ Պըրժ Շիմալիի մարզիկներէն Հասան Իպրահիմ երեք մրցումով կախակայուեցաւ: Պարժալունայի պատասխանատուներէն Սէյիտ Ասսաֆ մէկ տարիով կախակայուեցաւ, մինչ Նըժմեթ Սահրայի պատասխանատուներէն Թոնի Ազար` վեց ամիսով: Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը. Բ. ԴԱՍԱԿԱՐԳ. 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆ....

Ճատրակ. Յաւակնորդներու Մրցաշարք. Արոնեան – Սվիտլեր Հանդիպումը Աւարտեցաւ Հաւասարութեամբ

Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցող ճատրակի յաւակնորդներու մրցաշարքի 4-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանի հաւաքականի յառաջատար Լեւոն Արոնեան սեւ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ռուս Փիթըր Սվիտլերի հետ: Մրցումը աւարտեցաւ 41-րդ շարժումին: Պէտք է ըսել, որ Արոնեան պարտութենէ մը փրկուեցաւ, որովհետեւ անոր մրցակիցը բաւական զգալի առաւելութիւն մը ունէր մրցումին ընթացքին: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, այժմ Արոնեան 2,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման առաջին դիրքը:...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուորիըրզի 60-րդ Յաղթանակը

Սթեֆըն Քարի «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած ճակատումներուն Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ արձանագրեց իր 60-րդ յաղթանակը, երբ իր դաշտին վրայ 125-107 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրլինզը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 27 կէտ: Քլիվլենտ Քաւալիրզ 94-85 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Եութա Ճեզէն` վերջինիս դաշտին վրայ: Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները. Տալաս Մավըրիքս - Շարլոթ Հոռնեթց...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Պարտուեցաւ Սերպիայէն

Երէկ, ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ազգային հաւաքականը 4-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Սերպիոյ իր հասակակիցներէն` Աւանի ֆութպոլի ակադեմիային մէջ տեղի ունեցած մրցումին ընթացքին: Հայաստանի միակ կոլը նշանակեց Էրիք Պետրոսեան` մրցումին 26-րդ վայրկեանին: Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 17 մարտին, նոյն վայրին մէջ: Նշենք, որ հաւաքականին գլխաւոր մարզիչն է Արամ...

Պասքեթպոլ. Ժըպրան Թուէյնիի Մրցաշարք. Ա. Հանգրուանի Մրցումները Աւարտեցան

Կազմակերպութեամբ «Ժըպրան Թուէյնի» հաստատութեան, 16 վարժարաններու եւ հաստատութիւններու մասնակցութեամբ տեղի կ՛ունենայ նահատակ երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի յիշատակին նուիրուած պասքեթպոլի մրցաշարքը` երկրորդ տարին ըլլալով: Մրցաշարքը արդէն իսկ կտրած է իր կէս ճամբան` նկատի ունենալով, որ մրցումները արդէն իսկ հասած են քառորդ աւարտական: Այդ չորս խմբակներէն քառորդ աւարտականի իրենց տոմսերը ապահովեցին Շանվիլ, Մաքասետ (Ա. խմբակ), Սաժես, Մոն լա Սալ (Բ. խմբակ), Ռըսոլ Ժունիէ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Հուփս` 97-89

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանը աւարտեցաւ երէկ գիշեր, երբ Միշել Սլէյմանի անուան մարզահամալիրին մէջ Պիպլոս հիւրընկալեց Հուփսը: Մրցումը աւարտեցաւ դաշտին տիրոջ` Պիպլոսի յաղթանակով` 97-89 արդիւնքով (19-20, 50-33, 72-62 եւ 97-89): Նախքան չորրորդ քորթըրը սկսիլը, Պիպլոս բողոքեց իրաւարարներուն սուլիչին դէմ, եւ ակումբին նախագահ Ժան-Մարք Խալետ դաշտ մտնելով պատճառ դարձաւ, որ իրաւարարները քաշուին: Կարճ ժամանակ ետք անոնք որոշեցին...

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Վերադարձան Հայրենիք

Յունահռոմէական Ոճի Ըմբիշները Վերադարձան Հայրենիք

Երէկ` երկուշաբթի, 14 մարտին, Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի Հայաստանի հաւաքականը Երեւան վերադարձաւ Լաթվիոյ մայրաքաղաք Ռիկայէն` իր մասնակցութիւնը բերելէ ետք Եւրոպայի ախոյեանութեան: Հարիւրէ աւելի համակիրներ եկած էին Գիւմրիէն եւ Երեւանէն: Ըմբշամարտի հաւաքականի Եւրոպայի նորընծայ ախոյեան Վարշամ Բորանեանին ջերմ ընդունելութիւն մը կը սպասէր օդակայանին մէջ: Իր լուրը քաղելով Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքէն` ArmSport.am հաղորդեց նշելով, որ յունահռոմէական ոճի Հայաստանի ըմբշամարտի հաւաքականը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Եւ Վաղը` 1-16-րդ Հանգրուանի Դարձի Մրցումները

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի ճակատումներուն ծիրին մէջ, այսօր եւ վաղը տեղի պիտի ունենան երկուքական ճակատումներ: Նկատի ունենալով խումբերուն զօրաւոր ըլլալը եւ աւելի շատ ժողովրդականութիւն ու ֆութպոլի պատմութիւն ունենալը` վաղուան ճակատումները աւելի զօրաւոր եւ տաք պիտի ըլլան: Եթէ վաղը Պարսելոնա համեմատաբար աւելի թեթեւ ճակատում մը ունի կատարելիք, միւս կողմէ Եուվենթուս - Պայէրն Միւնիխ մրցումը պիտի ըլլայ շատ աւելի...

Page 1121 of 1276 1 … 1,120 1,121 1,122 … 1,276

Արխիւներ