
Երէկ, անգլիական Նիւքասըլ ֆութպոլի ակումբը խումբին նոր մարզիչ նշանակեց Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթեսը:
55 տարեկան սպանացին, որ երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց իր նոր կազմին հետ, այսպիսով կը փոխարինէ Սթիւ Մաքլարընը:
Նշենք, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 28-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Նիւքասըլ 24 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 19-րդ եւ նախավերջին դիրքը: