
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 6-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 13 մարտին, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ ՀՄԸՄ կը հիւրընկալէ Սաժեսը:
ՀՄԸՄ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 2-րդ դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 31 կէտ:
ՀՄԸՄ ամէն գնով պէտք է յաղթէ իր մրցակիցին` ամրապնդելու համար իր դիրքը:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի կիրարկել խմբային լաւ խաղարկութիւն մը եւ երբեք չանտեսել մրցակից կազմը:
Նշենք, որ այս հանգրուանը սկսաւ երէկ, երբ «Սաֆատի» մարզահամալիրին մէջ (Թրիփոլի) Մութթահետ հիւրընկալեց Ռիատին:
Ռիատի 96-75 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով մնաց առաջին` ունենալով 35 կէտ, մինչ Մութթահետ 3-րդ է` 30 կէտով:
Նշենք, որ այսօր, երեկոյեան ժամը 17:00-ին, Տիք Մըհտիի մէջ Շանվիլ բաւական կարեւոր մրցում մը ունի կատարելիք, երբ հիւրընկալէ Թատամոնը:


