Մարզական

Հայկական Ֆութպոլ. Արտասահմանէն 12 Ֆութպոլիստներ Հրաւիրուեցան Հայաստանի Ազգային Հաւաքական

Ինչպէս ծանօթ է, 25 մարտին Վազգէն Սարգսեանի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը: Նախապատրաստուելու համար այդ մրցումին, Հայաստանի հաւաքականը 21-25 մարտին մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ: Հայաստանի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարուժան Սուքիասեան երէկ հրապարակեց արտասահմանի մէջ հանդէս եկող այն ֆութպոլիստներուն անունները, որոնք պիտի մասնակցին այդ հաւաքին:...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – Սաժես 4-րդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր Կը Սկսի 15-րդ Դարձի 6-րդ Հանգրուանը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 15-րդ եւ դարձի 6-րդ հանգրուանը կը սկսի այսօր` Մութթահետ - Ռիատի Պէյրութ բացման մրցումով: Վաղը ինչպէս նաեւ յաջորդող երկու օրերուն, տեղի կ՛ունենայ մէկական մրցում: Ստորեւ` յայտագիրը. ՈՒՐԲԱԹ, 11 ՄԱՐՏ    ԺԱՄ ԴԱՇՏ Մութթահետ - Ռիատի 17:45 Սաֆատի ՇԱԲԱԹ, 12 ՄԱՐՏ.     Շանվիլ - Թատամոն 17:00 Տիք Մըհտի ԿԻՐԱԿԻ, 13 ՄԱՐՏ     ՀՄԸՄ -...

«Եուրոփա Լիկ». Մխիթարեանի Կազմը` Յաղթական

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումները տեղի ունեցան երէկ: Պորուսիա Տորթմունտ, որ իր դաշտին վրայ հիւրընկալեց Թոթենհամը, 3-0 արդիւնքով հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Տորթմունտի կոլերը նշանակեցին Օպամեյանկ (30-րդ) եւ Ռոյս (61-րդ եւ 70-րդ): Մրցումին ներկայ էր շուրջ 66 հազար հանդիսատես:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր Տեղի Կ՛ունենան 4 Մրցումներ

Այսօր` ուրբաթ, 11 մարտին, եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ տեղի կ՛ունենան 4 ճակատումներ, իւրաքանչիւրը` տարբեր երկրի մէջ: Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի պարագլուխի դիրքը գրաւող Եուվենթուս, 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) կը հիւրընկալէ Սասուոլոն (7-րդ): Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի 29-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, ժամը 21:30-ին, պիտի կատարուի ոչ այդքան հետաքրքրական մրցում մը, որուն ընթացքին Մալակա (12-րդ) պիտի հիւրընկալէ...

Կռփամարտ. Հայաստանի Երիտասարդական Հաւաքականը Կը Մասնակցի Միջազգային Յուշամրցաշարքի Մը

11-էն 16 մարտին Անափայի մէջ (Քրասնոտար, Ռուսիա) տեղի կ՛ունենայ Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան երիտասարդ կռփամարտիկներու միջազգային յուշամրցաշարքը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան` 8 մարզիկով: Հայաստանի երիտասարդական հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վազգէն Բադալեանի եւ մարզիչ Ռուբէն Առաքելեանի գլխաւորութեամբ Անափա կը մեկնին Մնացական Յարութիւնեան (52 քկ), Սամուէլ Սողոմոնեան, Վահէ Բադալեան (56 քկ), Արման Անտոնեան (60 քկ), Կորիւն Աստոյեան (64 քկ), Գուրգէն Մադոյեան...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի 19 Տարեկանէն Վար Հաւաքականը Բարեկամական 2 Մրցում Պիտի Կատարէ

15 եւ 17 մարտին Հայաստանի 19 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականը բարեկամական 2 մրցում պիտի կատարէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ` երկուքին ալ մրցելով Սերպիոյ իր հասակակիցներուն դէմ: Նախապատրաստուելով այդ մրցումներուն, հայրենի կազմը 13-17 մարտին ֆութպոլի ակադեմիային մէջ մարզական հաւաք մը պիտի կատարէ, յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արամ Ոսկանեան այդ հաւաքին հրաւիրեց հետեւեալ 22 ֆութպոլիստները....

Կուանկժու` Աշխարհի Ամէնէն Հարուստ Ֆութպոլի Ակումբը

Չինական Կուանկժու Էվերկրանտ շրջանցեց Ռէալ Մատրիտը եւ դարձաւ աշխարհի ամէնէն հարուստ ֆութպոլի ակումբը: Նախանցեալ օր Կուանկժու վաճառքի հանեց իր բաժնետոմսերը, որոնք կը կազմեն 3,35 միլիառ ամերիկեան տոլար, կը յայտնէ chinaview.cn-ն: Ըստ «Ֆորպզ»-ի վարկանիշին, 2015-ին աշխարհի ամէնէն հարուստ ակումբը Ռէալ Մատրիտն էր, որուն արժէքը կը կազմէր 3,26 միլիառ ամերիկեան տոլար:  

Օպամեյանկ Շատ Հաւանաբար Միանայ Ռէալ Մատրիտի

Պորուսիա Տորթմունտի մաս կազմող կապոնցի յառաջապահ Փիեռ - Էմերիք Օպամեյանկ շատ հաւանաբար «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանին աւարտէն ետք իր կազմը լքելով միանայ Ռէալ Մատրիտի, այս մասին կը յայտնէ «Էքսփրես»: Անոր այս փոխանցումը կը գնահատուի 100 միլիոն եւրոյով: Կը կարծուի, որ խումբէն պիտի հեռանան նաեւ գերմանացի միջնապահ Իլկայ Կիւնտողան եւ յետսապահ Մաթց Հումելս: Նշենք, որ այս տարեշրջանին, Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ...

Արմէն Սանամեան 2 Ամիս Ետք Հեռացաւ Ալաշկերտէն

Ալաշկերտի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Արմէն Սանամեան, որ 2 ամիս առաջ նշանակուած էր Ալաշկերտ-2-ի ֆութպոլի գլխաւոր մարզիչ, հեռացաւ կազմէն: Յայտարարուեցաւ, որ կողմերը երկկողմանի համաձայնութեամբ խզած են պայմանագրութիւնը: Սանամեանի փոխարէն նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Սերկէյ Էրզրումեան: Իսկ բերդապահներու մարզիչ նշանակուեցաւ Արմէն Բաղումեան:  

«Նու Քամփ»-ը Պիտի Վերակառուցեն Քաթալոնիացի Եւ Ճափոնցի Ճարտարապետները

Պարսելոնա հրապարակեց այն ճատարապետներուն անունները, որոնք պիտի վերակառուցեն քաթալոնիացիներու «Նու Քամփ» մարզադաշտը: Լաւագոյնը ճանչցուեցաւ ճափոնական «Նիքքեն Սեքքէյ» եւ քաթալոնիացի ճարտարապետներ Խուան Փասքալի եւ Ռամոն Աուսիոյի համատեղ գործակցութիւնը: Այս ընտրութիւնը կատարեցին 9 անձերէ բաղկացած դատակազմի անդամները: Դատակազմին մէջ ընդգրկուած են Պարսելոնայի 5, քաթալոնական ճարտարապետներու միութեան 3 եւ քաղաքապետարանի 1 ներկայացուցիչ: Կը ծրագրուի «Նու Քամփ»-ի նստարաններուն թիւը աւելցնել եւ հասցնել մինչեւ 105...

«Չեմփիընզ Լիկ». Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ 25 Միլիոն Եւրօ Շահեցաւ Իր Կատարած Ելոյթներուն Համար»

Ռուսական Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ ֆութպոլի խումբը «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին իր կատարած ելոյթներուն համար շահեցաւ 25 միլիոն եւրօ, կը յայտնէ «Թոթըլ Սփորթեք»-ը: 12 միլիոն եւրօ կը ստանայ այն խումբը, որ կը շրջանցէ խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած մրցումները: Անիկա յաւելեալ 7,5 միլիոն եւրօ ստացաւ այդ խմբակներու դրութեամբ մրցումներուն իր արձանագրած 5 յաղթանակներուն համար: 1-16-րդ հանգրուան հասնելուն համար անիկա ստացաւ 5,5 միլիոն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Սաժես – Լուէյզի` 72-65

Երէկուան մրցումէնPROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի 5-րդ հանգրուանի մրցումները աւարտեցան երէկ գիշեր, երբ Ղազիրի իր դաշտին վրայ Սաժես հիւրընկալեց Լուէյզին: Մրցումը աւարտեցաւ Սաժեսի յաղթանակով` 72-65 արդիւնքով (15-10, 29-27, 58-42 եւ 72-65): Լուէյզիի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Ուենտըլ Լուիս (26), մինչ Սաժեսէն 22-ական կէտ նշանակեցին Թերել Սթոկլին եւ Ռաթքա Վարտա: Այսօր` հինգշաբթի, հանգիստի օր ըլլալուն պատճառով...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը վաւերացուց նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած մրցումներուն արդիւնքները, ապա քննարկեց օրակարգին վրայ եղող հարցերը: Իրենց բիրտ խաղարկութեան պատճառով երեքական մրցումով կախակայուեցան Ալլա Մըզհեր (Սալամ Զղարթա) եւ Հիւսէյն Նասրալլա (Շապապ Ղազիէ): Իրենց երրորդ դեղին քարտը ստացած եւ բնականաբար մէկական մրցումով կախակայուած մարզիկները եղան բաւական շատ: Ամալ Մաարաքէի պատասխանատուներէն Հուսամ Թըրատ վեց ամիսով կախակայուեցաւ` ոչ...

«Չեմփիընզ Լիկ». Փարիզ Սեն Ժերմեն Դուրս Ձգեց Չելսին

Զլաթան Իպրահիմովիչ Երէկ գիշեր, «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ տեղի ունեցան երկու ճակատումներ: Առաջին մրցումին, որ սկսաւ քիչ մը աւելի կանուխ, Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ իր դաշտին վրայ 2-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրելով Պենֆիքայէն, դուրս մնաց մրցաշարքէն` նկատի ունենալով, որ երթին ալ պարտուած էր անկէ (1-0): Ինչ կը վերաբերի երկրորդ մրցումին, երթին իր արձանագրած յաղթանակին նման,...

Ըմբշամարտ. Շամիր Աթեան Ձախողեցաւ Պրոնզ Մետալի Մը Տիրանալ

Ռիկայի մէջ (Լաթվիա) տեղի ունեցող ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութեան ազատ ոճի մրցումներուն Հայաստանը ներկայացնող Շամիր Աթեան (86 քկ) ձախողեցաւ պրոնզ մետալի մը տիրանալ, երբ 10-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց ուքրանացի իր մրցակիցէն` Իպրահիմ Ալթանովէն:

«Եուրոփա Լիկ». Այսօր` Պորուսիա Տորթմունտ – Թոթենհամ

«Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի պիտի ունենան բաւական տաք եւ հետաքրքրական ճակատումներ: Այդ մրցումներուն կարգին պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտ - Թոթենհամ մրցումը: Անկասկած, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան լուսարձակները պիտի կեդրոնացնէ իր վրայ, երբ ճակատի Թոթենհամի դէմ: Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով).   ԺԱՄ Պալ - Սեւիլլա 20:00 Պորուսիա...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Պատուիրակութիւնը Ազգային Հաւաքականին Մարզաշապիկը Նուիրեց Թոմաս Թուխելի

Ինչպէս ծանօթ է, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մարզիչներու ՓՐՕ արտօնագիրին դասընթացքին մասնակցողները կը գտնուին Տորթմունտի մէջ (Գերմանիա): Հայկական պատուիրակութիւնը Տորթմունտի մէջ ներկայ եղաւ Պորուսիա Տորթմունտ ակումբին 17 տարեկանէն վար խումբին կատարած բարեկամական մրցումին, որմէ ետք հայրենի մարզիչները հանդիպեցան գլխաւոր մարզիչ Թոմաս Թուխելի հետ: Անոնք մարզիչին հետ արծարծեցին ֆութպոլի վերաբերեալ բազմաթիւ հարցեր` ֆութպոլիստներուն հետ տարուող աշխատանքին առնչութեամբ, եւ քննարկեցին թեքնիք այլ հարցեր:...

Յստակացաւ «Ֆութպոլ Լիքս»-ը Հիմնողը

«Ֆութպոլ Լիքս» կայքը, որ կը զբաղի ֆութպոլիստներու փոխանցման հետ կապուած տեղեկութիւններու հրապարակումով, հիմնուած է 27 տարեկան փորթուգալցի Կայքահէն Ռուի Փինթուի կողմէ, կը յայտնէ «Մարքա»: Կը հաղորդուի, որ ան ներկայիս կը բնակի Պուտափեշթի մէջ (Հունգարիա): Ան իր հրապարակած նիւթերուն մեծ մասը ստացած է հեքըրական յարձակումներու պատճառով: Ան իր տրամադրութեան տակ ունեցած է շարք մը ակումբներու փաստաթուղթերը: Փինթու այդ ակումբներուն յայտնած է,...

Պենիթես Շատ Հաւանաբար Նշանակուի Նիւքասըլի Մարզիչ

Ռէալ Մատրիտի նախկին մարզիչ Ռաֆայէլ Պենիթես շատ հաւանաբար գլխաւորէ Նիւքասըլը, այս մասին կը հաղորդէ «Ֆութպոլ Էսփանիա»-ն: Աղբիւրին համաձայն, այժմու մարզիչ Սթիւ Մաքլարըն պաշտօնանկ ըլլալու վտանգին տակ է: Անգլիական ակումբը արդէն իսկ բանակցութիւններու սկսած է 54 տարեկան մասնագէտին հետ: «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանէն ետք, այժմ Նիւքասըլ 24 կէտով կը գրաւէ նախավերջին դիրքը:    

Հայաստան – Պիելոռուսիա Մրցումը Պիտի Ըլլայ Պերեզովսքիի Հրաժեշտի Հանդիպումը

25 մարտին Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ Հայաստան - Պիելոռուսիա ֆութպոլի բարեկամական մրցումը: Ինչպէս կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը, այս մրցումը պիտի ըլլայ հրաժեշտի մրցում մը` ազգային հաւաքականի նախկին բերդապահ Ռոման Պերեզովսքիի համար, որ 2015-ի ամրան եկաւ վերջ մը դնելու ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին եւ Տինամօ Մոսկուայի մարզիչներու խմբակին մաս կազմեց: Պերեզովսքի, որ Հայաստանի հետ իր...

Page 1123 of 1276 1 … 1,122 1,123 1,124 … 1,276

Արխիւներ