
8-16 ապրիլին նորվեկիական Ֆորտ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը:
Թէեւ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հրապարակեց հաւաքականին մաս կազմող 10 մարզիկներուն անունները, սակայն միեւնոյն ժամանակ նշեց, որ հակառակ այդ կազմին որոշ չափով յստականալուն, կրնայ փոփոխութեան ենթարկուիլ:
Այժմ հայրենի ծանրաբարձները ուսումնամարզական հաւաք մը կը կատարեն Ծաղկաձորի մէջ:
Ստորեւ` հրապարակուած կազմը, Վանիկ Աւետիսեան (69 քկ), Սմբատ Մարգարեան (56 քկ), Տիգրան Մարտիրոսեան, Անդրանիկ Կարապետեան (77 քկ), Աղասի Աղասեան (85 քկ), Սիմոն Մարտիրոսեան (105 քկ), Ռուբէն Ալեքսանեան եւ Գոռ Մինասեան (105 քկ եւ վեր):
Այս անուններէն բացի, նկատի առնուած են նաեւ Առաքել Միրզոյեան եւ Ռոստամ Կարապետեան (85 քկ), որոնք սակայն նկատի կրնան առնուիլ իբրեւ փոխարինողներ:


