
Անափայի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունեցող Նիքոլայ Փաւլիուքովի անուան կռփամարտի երիտասարդներու միջազգային յուշամրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող գերծանր կարգի մարզիկ Գուրգէն Յովհաննիսեան երէկ կիսաւարտականին 3-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք վրացի իր մրցակիցին, ապահովեց աւարտականի իր տոմսը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիականի պաշտօնական կայքը:
Նշենք, որ այսօր հայ կռփամարտիկը ոսկի մետալին համար պիտի մրցի Ռուսիոյ ախոյեանին դէմ:


