Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 30-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Թեհրանի Փարսեն իր դաշտին վրայ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին Շիրազի Ֆաժըր Սեփասիի հետ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, մայրաքաղաքի կազմը այժմ 33 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը, մինչ Ֆաժըր Սեփասի 49 կէտով կը գտնուի 3-րդ դիրքին վրայ:
Նշենք, որ Փարսեն կը գլխաւորէ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան: