Մարզական

Ռիօ-2016. Հայաստանի Ծանրամարտի Աղջկանց Հաւաքականը Սկսաւ Իր Հաւաքին

Երկուշաբթի,16 մայիսին, Հայաստանի ծանրամարտի աղջկանց հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ իր հաւաքին` պատրաստուելու համար Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը: Այդ խաղերուն պիտի մասնակցին Եւրոպայի ախոյեաններ Նազիկ Աւդալեան եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան: Խումբին հետ են նաեւ Սոնա Պօղոսեան եւ Արփինէ Դալալեան: Հաւաքականին հետ ընդհանուր փորձեր կը կատարեն նաեւ երիտասարդ եւ պատանի ծանրաբարձները: Նշենք, որ հաւաքը կ՛աւարտի 4 յունիսին:

«Էն. Պի. Էյ.»-Փլէյ-Օֆ. Ուորիըրզ Պարտուեցաւ Առաջին Մրցումին

«ԷՆ. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Արեւմտեան շրջանի փլէյ-օֆի աւարտական առաջին մրցումին, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 98-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ: Առաջին երեք քորթըրներուն տիրապետեց Ուորիըրզ, իսկ վերջինին` Օքլահոմա, արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը: Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեսթ-Պրուք եւ Քեւին Տիւրընթ յաջորդաբար նշանակեցին 27 եւ 26 կէտ, իսկ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի եւ Քլէյ Թոմսըն` 26 եւ 25...

Իրանեան Ֆութպոլ.  Փարսէ Մնաց Ա. Դասակարգ

Իրանեան Ֆութպոլ. Փարսէ Մնաց Ա. Դասակարգ

Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, թեհրանեան Փարսէ խումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Ալոմինոմի հետ, հազիւ մնաց Ա. դասակարգ: Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, անիկա 42 կէտով գրաւեց 15-րդ դիրքը: Նշենք, որ Փարսէի մարզիչն է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան:

Փինկ Փոնկ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Սկսի Աղջկանց Ախոյեանութիւնը

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, 13 խումբերու կողքին: Տղոց ախոյեանութեան զուգահեռ, այսօր կը սկսի նաեւ աղջկանց ախոյեանութիւնը: ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները այսօր յաջորդաբար կը մրցին Քաննուպինի եւ Մոն լա Սալի դէմ: Նշենք, որ տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութ իր կատարած երկու մրցումներն...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 1-0 Գերազանցեց Շապապ Արապին

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Շապապ Արապի առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս 53-29 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (15-7, 26-15, 38-25 եւ 53-29) այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ իր մրցակիցին վրայ: ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյլա Ֆարես (13 կէտ,...

Սամպօ. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն

- Գրիգոր Մխիթարեան` Եւրոպայի Ախոյեան - Վաչիկ Վարդանեան Եւ Տիգրան Կիրակոսեան` Փոխախոյեան Երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսին, ռուսական Քազան քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 երկիրներէ շուրջ 400 մարզիկներ: Հայաստանը ներկայացնող Գրիգոր Մխիթարեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Արտուշ Արսեանին: Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Վաչիկ Վարդանեան հասաւ մինչեւ աւարտական, սակայն պարտուելով ռուս...

«Ֆորմիւլա-1». Մաքս Վերսթափեն Ամէնէն Երիտասարդ Վարորդը, Որ Կը Տիրանայ Կրան-Փրիի Մը

Մաքս Վերսթափեն Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Պարսելոնայի` Քաթալոնիայի կրան փրիին (66 լեփ), առաջին հանդիսացաւ «Ռետ-Պուլ»-ի հոլանտացի վարորդ Մաքս Վերսթափեն, որ արձանագրեց 1 ժամ 41' 40" արդիւնք մը: Ան այսպիսով հանդիսացաւ «Ֆորմիւլա-1»-ի պատմութեան ամէնէն երիտասարդ վարորդը, որ կը հանդիսանայ առաջին (18 տարեկան եւ 227 օր): Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր «Ֆեռարի»-ի այժմու վարորդ` Սեպասթիան Վեթելին, որ առաջին հանդիսացած էր 21 տարեկան հասակին:...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պուրնըմաութ

Եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները կ՛աւարտին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ Մանչեսթըր Եունայթըտ - Պուրնըմաութ մրցումը, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 22:00-ին, «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ: Սկզբունքով անիկա տեղի պիտի ունենար կիրակի, 15 մայիսին, սակայն ապահովական պատճառներով յետաձգուեցաւ: Մինչ Արսենալ հանդիսացաւ փոխախոյեան` Լայսթըր Սիթիի ետին, անդին Մանչեսթըր Սիթի ապահովեց չորրորդ դիրքը` Թոթենհամի ետին: Նշենք, որ Ա. դասակարգ փոխադրուած կազմերն են` Նիւքասըլ, Նորուիչ եւ Ասթոն Վիլա:...

Ըստ «Տէօյչէ Վելլէ»-ի. Մխիթարեան` Գերմանիոյ 2015-2016 Տարեշրջանի Լաւագոյն Ֆութպոլիստը

Գերմանական «Տէօյչէ Վելլէ» միջազգային կայքին, շուրջ 30 երկիրներու ընթերցողներուն քուէարկութեան շնորհիւ, «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, յայտնեց ArmSport.am: 27 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ քուէարկողներու ձայներուն 26 տոկոսը` շրջացնելով Պայէր Լեւերքուզընի յառաջապահ Խաւիէ Հեռնանտեզին (21 տոկոս), Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիին եւ միջնապահ Թոմաս Միւլըրին (երկուքն ալ` 17 տոկոս): Անդրադառնալով այս լուրին`...

Կռփամարտ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը Մեկնեցաւ Ասթանա

18-28 մայիսին Ղազախստանի մայրաքաղաք Ասթանայի մէջ տեղի պիտի ունենայ աշխարհի աղջկանց կռփամարտի ախոյեանութիւնը, որ վարկանշային է ողիմպիական խաղերուն համար, յայտնեց Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը: Հայկական պատուիրակութիւնը, որ նախորդ շաբաթավերջին մեկնեցաւ Ասթանա, կը բաղկանայ հետեւեալ երկու մարզիկներէն. Անուշ Գրիգորեան (51 քկ) եւ Աշխէն Յովհաննիսեան (60 քկ): Իսկ հաւաքականի աւագ մարզիչն է Յարութիւն Նազարեան:

Թենիս. Սերենա Տիրացաւ Իր Արհեստավարժ Ասպարէզին 70-րդ Տիտղոսին

Աշխարհի թենիսի աղջկանց ընդհանուր դասաւորման 4-րդ դիրքին վրայ գտնուող ամերիկացի Սերենա Ուիլիըմզ նախորդ շաբաթավերջին տիրացաւ Իտալիոյ միջազգային մրցաշարքի տիտղոսին` աւարտականին 7-6 եւ 6-3 արդիւնքով յաղթելով իր ազգակիցին` Մետիսըն Քիսին: Սերենա ստացաւ շուրջ 495 հազար ամերիկեան տոլար, իսկ Քիս` 245 հազար ամերիկեան տոլար: Նշենք, որ Սերենա Ուիլիըմզ այսպիսով իր արհեստավարժ ասպարէզին 70-րդ տիտղոսին կը տիրանար:    

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Կատարուեցան 4-րդ Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները: Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ յաղթանակ արձանագրեց միայն Հրանդ Մելքումեան: Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Զաւէն Անդրէասեան եւ Արման Փաշիկեան` պարտուեցան: Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 11 հանգրուանէ:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի

Փաթրիք Սապա Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 16 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս - Շապապ Արապի առաջին մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր այս մրցումը պիտի կատարէ իր նոր մարզիչին` Փաթրիք Սապայի հետ, որ նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ մարզիչ` փոխարինելով Նեմանժա Պժեթովը: Նշենք, որ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի – ՀՄԸՄ` 2-1

PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 14 մայիսին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը: Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս երրորդ մրցումին, Ռիատի 98-72 արդիւնքով (27-14, 45-33, 76-43 եւ 98-72) յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը: Այս երրորդ մրցումին ՀՄԸՄ չներկայացուց այն բացառիկ խաղարկութիւնը, որ ներկայացուցած էր առաջին երկու...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Պարսելոնա Հանդիսացաւ Սպանիոյ Ախոյեան

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները պիտի վճռէին երկրին նոր ախոյեանին անունը: Տիտղոսին համար կը պայքարէին Պարսելոնա եւ Ռէալ Մատրիտ: Պարսելոնա ամէն գնով պէտք ունէր յաղթանակի` հանդիսանալու համար 2015-2016 տարեշրջանի 40-ի բարձրացնելով այս տարեշրջանին իր նշանակած կոլերուն թիւը, հանդիսացաւ երկրին կոլսքորըրը: Իսկ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որ շաբաթ օր նշանակեց 2 կոլ (7-րդ եւ 25-րդ), այս տարեշրջանին...

Քոնկ Ֆու-Եւրոպայի Ախոյեանութիւն.  Վայրագ Ազրպէյճանցիները Յարձակեցան Հայ Մարզիկներուն Վրայ

Քոնկ Ֆու-Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Վայրագ Ազրպէյճանցիները Յարձակեցան Հայ Մարզիկներուն Վրայ

Ուքրանիոյ Լվով քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի Քոնկ ֆուի ախոյեանութեան ընթացքին ազրպէյճանցի մարզիկները, չկարենալով մարսել իրենց կրած պարտութիւնները` Հայաստանի մարզիկներէն, դիմած են վայրագ միջոցի եւ յարձակած հայրենի մարզիկներուն վրայ: Հայաստանի Քոնկ ֆուի ֆետերասիոնի փոխնախագահ Արմէն Յարութիւնեան ըսաւ. «Աշոտ Յարութիւնեանի եւ Դաւիթ Պետրոսեանի յաղթանակներէն ետք, ազրպէճանական պատուիրակութիւնը նախ սկսած է հայհոյանքներու շարք մը, ապա մահակներով յարձակած Հայաստանի հաւաքականին անդամներուն վրայ: Հակառակ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ

- Այսօր` Ռիատի - ՀՄԸՄ Երրորդ Մրցումը - Մութթահետ - Սաժես` 1-2 Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի - ՀՄԸՄ երրորդ մրցումը, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ: Այժմ արդիւնքը երկուքին միջեւ կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ: Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ արձանագրեց 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին Ռիատի` 78-75 արդիւնքով`...

Մարմնամարզութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւն. Հայաստան Կը Մասնակցի 6 Մարզիկով

Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, այժմ կը նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան: Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Արթուր Թովմասեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արմէն Պետրոսեան: Երիտասարդական ախոյեանութեան Արթուր Աւետիսեան, պիտի ըլլայ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը: Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական Պեռն քաղաքին մէջ` 25-29 մայիսին: Հայկական պատուիրակութիւնը Զուիցերիա...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը.  Վաղը` Ինթեր Միլան – Լացիօ Ռոմա. Գերմանիոյ Եւ Ֆրանսայի Մէջ` Երթի Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Եւրոպական Ֆութպոլ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը. Այսօր Կը Յստականայ Սպանիոյ Ախոյեանին Անունը

Այս շաբաթավերջին Եւրոպայի մէջ կ՛աւարտին 2015-2016 տարեշրջանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի կ՛ունենան վերջին հանգրուանի ճակատումները: Մինչ Անգլիոյ, Իտալիոյ, Գերմանիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յստակացած են ախոյեան խումբերուն անունները, անդին Սպանիոյ մէջ ախոյեանին անունը պիտի որոշուի այսօր: Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պարսելոնա, որ այժմ կէտի մը առաւելութիւնը ունի 2-րդ դիրքը գրաւող Ռէալ Մատրիտի վրայ, իր կատարելիք վերջին մրցումին անպայման կարիքը ունի...

Կռփամարտ. Արթուր Աբրահամ Մրցասպարէզ Կը Վերադառնայ 16 Յուլիսին

Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, 9 ապրիլին Գերմանիան ներկայացնող հայ կռփամարտիկ Արթուր Աբրահամ Լաս Վեկասի մէջ (Միացեալ Նահանգներ) իր կատարած ճակատումին ընթացքին միջին կարգի WBO-ի աշխարհի ախոյեանի կոչումը զիջեցաւ մեքսիքացի Խիլպերթօ Ռամիրեզին: Երէկ, 36 տարեկան հայ կռփամարտիկը յայտարարութիւն մը կատարելով ըսաւ, որ մրցասպարէզ դուրս պիտի գայ 16 յուլիսին` Պերլինի մէջ (Գերմանիա): Ան ըսաւ, որ պատրաստ չէ հրաժեշտ տալու այս մարզաձեւին, որովհետեւ...

Page 1104 of 1276 1 … 1,103 1,104 1,105 … 1,276

Արխիւներ