Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան ծիրին մէջ, նախանցեալ օր Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցան 4-րդ հանգրուանի մրցումները:
Հայաստանի ներկայացուցիչներուն մէջ յաղթանակ արձանագրեց միայն Հրանդ Մելքումեան:
Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Յովհաննէս Գաբուզեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւններ արձանագրեցին, մինչ Զաւէն Անդրէասեան եւ Արման Փաշիկեան` պարտուեցան:
Նշենք, որ ախոյեանութիւնը կը բաղկանայ 11 հանգրուանէ: