Երկուշաբթի,16 մայիսին, Հայաստանի ծանրամարտի աղջկանց հաւաքականը Ծաղկաձորի մէջ սկսաւ իր հաւաքին` պատրաստուելու համար Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Այդ խաղերուն պիտի մասնակցին Եւրոպայի ախոյեաններ Նազիկ Աւդալեան եւ Հռիփսիմէ Խուրշուդեան:
Խումբին հետ են նաեւ Սոնա Պօղոսեան եւ Արփինէ Դալալեան:
Հաւաքականին հետ ընդհանուր փորձեր կը կատարեն նաեւ երիտասարդ եւ պատանի ծանրաբարձները:
Նշենք, որ հաւաքը կ՛աւարտի 4 յունիսին: