Հայաստանի մարմնամարզութեան հաւաքականը` գլխաւոր մարզիչ Յակոբ Սերոբեանի գլխաւորութեամբ, այժմ կը նախապատրաստուի Եւրոպայի ախոյեանութեան:
Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ այս ախոյեանութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնեն Յարութիւն Մերդինեան, Արթուր Դաւթեան, Արթուր Թովմասեան, Վահագն Դաւթեան եւ Արմէն Պետրոսեան: Երիտասարդական ախոյեանութեան Արթուր Աւետիսեան, պիտի ըլլայ Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը:
Այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենայ զուիցերիական Պեռն քաղաքին մէջ` 25-29 մայիսին:
Հայկական պատուիրակութիւնը Զուիցերիա պիտի մեկնի 21 մայիսին: