Իրանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 38-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, թեհրանեան Փարսէ խումբը 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Ալոմինոմի հետ, հազիւ մնաց Ա. դասակարգ:
Իր արձանագրած այս հաւասարութենէն ետք, անիկա 42 կէտով գրաւեց 15-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Փարսէի մարզիչն է, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նախկին միջնապահ Համլեթ Մխիթարեան: