– Այսօր` Ռիատի – ՀՄԸՄ
Երրորդ Մրցումը
– Մութթահետ – Սաժես` 1-2
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` շաբաթ, 14 մայիսին, յետմիջօրէի ժամը 17:00-ին, տեղի կ՛ունենայ Ռիատի – ՀՄԸՄ երրորդ մրցումը, առաջինին դաշտին` Մանարայի մէջ:
Այժմ արդիւնքը երկուքին միջեւ կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ:
Առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ արձանագրեց 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ երկրորդին Ռիատի` 78-75 արդիւնքով` երկարաձգումէն ետք:
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով պայքարիլ յաղթանակ արձանագրելու, այնպէս, ինչպէս կատարեցին առաջին մրցումին եւ ծանր պարտութեան մատնեցին Ռիատին:
ՀՄԸՄ երկրորդ մրցումին ալ մօտ էր յաղթանակին, բայց ատիկա դժբախտաբար տեղի չունեցաւ:
Նշենք, որ երէկուան Մութթահետ – Սաժես 3-րդ ճակատումը, որ տեղի ունեցաւ Թրիփոլիի մէջ, աւարտեցաւ 78-76 արդիւնքով` ի նպաստ Մութթահետի:
Առաջին երկուքին Սաժես յաղթական եղած էր: