Մարզական

Իպրահիմովիչ Պիտի Հեռանայ Փարիզ Սեն Ժերմենէն

Ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբին մաս կազմող յառաջապահ Զլաթան Իպրահիմովիչ յայտարարեց, որ այս ամրան ընթացքին պիտի հեռանայ իր խումբէն: Ան այսօր պիտի կատարէ իր վերջին մրցումը` Նանթի դէմ: 4 տարեշրջանի ընթացքին ան կատարեց 178 մրցում` նշանակելով 152 կոլ եւ դառնալով 60 կոլի փոխանցման հեղինակ:

Ճատրակ. Եւրոպայի Անհատական Ախոյեանութիւն. Մելքումեան Յաղթեց, Սարգսեան Հաւասարութիւն Արձանագրեց

Երէկ Քոսովոյի մէջ սկսաւ Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Հայաստան: Առաջին հանգրուանի հանդիպումներուն, Գաբրիէլ Սարգսեան հաւասարութիւն մը արձանագրեց, մինչ Հրանդ Մելքումեան` յաղթանակ մը:

Էն. Պի. Էյ.-Փլէյ-Օֆ. Սան Անթոնիօ Սփըրզ Լքեց Պայքարը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, Օքլահոմա Սիթի 113-99 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Սան Անթոնիօ Սփըրզին դէմ, ապահովեց կիսաւարտականի իր տոմսը` 4-2 արդիւնքով գերազանցելով իր մրցակիցը: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քեւին Տիւրընթ նշանակեց 37 կէտ, իսկ Ռասըլ Ուեսթպրուք` 28 կէտ:

Էդգար Մանուչարեան Կը Լքէ Ուրալը

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի եւ Ուրալ Եգաթիրինպուրկի յառաջապահ Էդգար Մանուչարեան պիտի լքէ իր ակումբը: Մանուչարեան Ուրալի հետ հինգ տարեշրջանի ընթացքին մասնակցեցաւ 85 մրցումի եւ նշանակեց 23 կոլ: Ան ըսաւ, որ այդ հինգ տարիներուն ընթացքին տուաւ իր առաւելագոյնը եւ կարելին ըրաւ, որպէսզի իր կազմին օժանդակէ` լաւ արդիւնք ձեռք ձգելու համար:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ 78-75 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ռիատիէն` Երկարաձգումէն Ետք

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ 78-75 Արդիւնքով Պարտութիւն Մը Կրեց Ռիատիէն` Երկարաձգումէն Ետք

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «Ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ յետմիջօրէին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ - Ռիատի երկրորդ ճակատումը: ՀՄԸՄ, որ առաջին մրցումին Մանարայի մէջ բացառիկ մրցում մը ներկայացնելով 86-72 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած էր, երէկուան այս մրցումին երկարաձգումէն ետք 78-75 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց (15-14, 34-24, 48-45, 68-68 եւ...

Դաւիթ Սաֆարեան Ողիմպիական Խաղերու Տոմս Ապահովեց

2013-ին աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած, ազատ ոճի ըմբշամարտիկ Դաւիթ Սաֆարեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն տոմս ապահովեց, յայտնեց Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Սերպիոյ մէջ տեղի ունեցած ըմբշամարտի վարկանշային մրցաշարքին ընթացքին, աւարտական հանգրուան հասած Մոհամետմուրատ Կաճիեւ (Լեհաստան) եւ Անտրէյ Քվիաթքովսքի (Ուքրանիա) զրկուեցան ողիմպիական խաղերուն մասնակցելէ` նկատի ունենալով, որ անոնց վրայ կատարուած խթանիչ դեղերու քննութիւններուն արդիւնքները տուին դրական պատասխան: Այսպիսով, անոնց փոխարէն...

Արսենալ Կ՛ուզէ Մխիթարեանը Դարձնել Խումբին Ամէնէն Շատ Վարձատրուող Ֆութպոլիստը

Լոնտոնեան երկու կազմեր` Չելսի եւ Արսենալ, իրարու հետ բաւական սուր պայքարի մը սկսան Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ: «Տէյլի Սթար» կը տեղեկացնէ, որ Արսենալ Մխիթարեանին առաջարկած է տարեկան աւելի քան 10 միլիոն եւրօ: Եթէ Մխիթարեան այդ առաջարկը ընդունի, ապա պիտի դառնայ ակումբին ամէնէն շատ վարձատրուող ֆութպոլիստը: Ըստ վերոնշեալ աղբիւրին, Արսենալի մարզիչ Արսէն Վենկեր պատրաստ...

Ռէալ Մատրիտ Պատրաստ Է Ծախելու Խամեսը

Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Խամես Ռոտրիկեզ շատ հաւանաբար այս ամրան հեռանայ իր ակումբէն, այս գծով կը յայտնէ «Էլ Քոնֆիտենսիալ»-ը: Ռէալի պատասխանատուները եկած են այն եզրակացութեան, որ քոլոմպիացի միջնապահը պէտք է որ ծախեն: Կը կարծուի, որ յառաջիկայ շաբաթասկիզբին Ռէալ Մատրիտի նախագահ Ֆլորենթինօ Փերես հանդիպում մը պիտի ունենայ Խամեսի գործակալին` Խորխէ Մենտեսին հետ եւ անոր ապագային գծով որոշում մը տայ: Սակայն Արսենալ եւ...

Ըստ «Ֆորպս»-ի. Ռոնալտօ` Աշխարհի Դասաւորման Մէջ Առաջին Դիրքին Վրայ

«Ֆորպս» ներկայացուց աշխարհի ամէնէն շատ եկամուտ ունեցող ֆութպոլիստներուն եւ ֆութպոլի ամէնէն արժէքաւոր ակումբներուն ցանկը: Աշխարհի դասաւորման մէջ առաջին դիրքին վրայ կը գտնուի Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, որուն տարեկան եկամուտը կը կազմէ 82 միլիոն ամերիկեան տոլար: Բացի ատկէ, ան կը ստանայ յաւելեալ 29 միլիոն ամերիկեան տոլար` հովանաւորներէն եւ ծանուցումի եկամուտներէն: Ռոնալտոյին կը յաջորդէ արժանթինցի յառաջապահ...

Անգլիական Ֆութպոլ.  Նիւքասըլ Եւ Նորուիչ Փոխադրուեցան Ա. Դասակարգ

Անգլիական Ֆութպոլ. Նիւքասըլ Եւ Նորուիչ Փոխադրուեցան Ա. Դասակարգ

Անգլիոյ ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 37-րդ եւ նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն լոյսին տակ, յաւելեալ երկու կազմեր` Նիւքասըլ եւ Նորուիչ փոխադրուեցան Ա. դասակարգ, այսպիսով Ասթոն Վիլայի հետ թիւը ամբողջացնելով երեքի: Ախոյեանութեան վերջին հանգրուանի մրցումները կացութենէն որեւէ բան պիտի չփոխեն, որովհետեւ 17-րդ դիրքը գրաւող Սանտըրլենտ, որ յաղթեց Էվըրթընին (3-0), այժմ 4 կէտով կը գերազանցէ Նիւքասըլը եւ Նորուիչը: Պըրնլի եւ Միտըլզպորօ, ապահովեցին բարձրագոյն դասակարգի...

Քլոզը Այս Ամառ Պիտի Հեռանայ Լացիօ Ռոմայէն

Միջազգային մամուլին համաձայն, Լացիօ Ռոմայի յառաջապահ Միրոսլաւ Քլոզը այս ամրան պիտի հեռանայ իր ակումբէն: 37 տարեկան Քլոզը, որ 2011-ին Պայէրն Միւնիխէն միացաւ իտալական ակումբին, այս տարեշրջանին 23 մրցումի ընթացքին նշանակեց 6 կոլ:

Եուրօ-2016. Ուելպեք Բացակայ` Անգլիոյ Կազմէն

Արսենալի եւ Անգլիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Տենի Ուելպեք վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Եուրօ-2016-ի ֆութպոլի մրցաշարքին, յայտնեց Goal.com կայքը: Ուելպեք, որ վիրաւորուեցաւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ տեղի ունեցած «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին, աւելի քան 5 ամսուան կարիքը ունի լաւապէս ապաքինելու համար: Այս տարեշրջանին 25 տարեկան Ուելպեք լոնտոնեան կազմին հետ կատարեց 11 մրցում, նշանակեց 4 կոլ եւ կատարեց կոլի...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր ՀՄԸՄ – Ռիատի Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր ՀՄԸՄ – Ռիատի Երկրորդ Մրցումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ - Ռիատի Պէյրութ երկրորդ ճակատումը: Երկու կազմերուն միջեւ առաջին ճակատումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի կազմին ջախջախիչ յաղթանակով. ան Մանարայի մէջ 86-72 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը: Այսօր եւս կ՛ակնկալուի, որ այդ յաղթական ընթացքը շարունակուի եւ...

Փինկ Փոնկ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Յաղթանակ Մը Եւ Կրեց Պարտութիւն Մը

Լիբանանի փինկ փոնկի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան խմբային մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Մոն Լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) շարունակուեցան մրցումները: ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը, որ իր կատարած առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երէկ արձանագրեց երրորդը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթեց Նատուա Քամաթիէին: Սակայն չորրորդ մրցումին ՀՄԸՄ 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Պարաղեմ Նապաթիէէն:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Աւարտական Մրցումներ Եւ Մրցանակաբաշխութիւն

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը կու գայ յայտնելու, որ քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն պատճառով, ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի աւարտական երեք մրցումները եւ ընդհանուր խմբային մրցանակաբաշխումները, տեղի պիտի ունենան կիրակի, 22 մայիս 2016-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-էն սկսեալ, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ Եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. 2001/2002/2003    Աղջիկներ   Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարան-Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան  5:00 2000/2001      Տղաք       Մ. եւ Հ....

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տուաւ շարք մը որոշումներ: Շապապ Արապիի (Գ. դասակարգ) պատասխանատուներէն Ուալիտ Պու Մուժահետ երկու ամիսով կախակայուեցաւ, մինչ անոր ակումբը 500 հազար լիբանանեան ոսկիով տուգանքի ենթարկուեցաւ: Իթթիհատ Հարեթ Նաամէի (Գ. դասակարգ) պատասխանատուներէն Մոհամետ Ֆախրէտտին մէկ տարիով կախակայուեցաւ, մինչ անոր ակումբը 500 հազար լիբանանեան ոսկիով տուգանուեցաւ: Վաւերացուեցան Գ. դասակարգի փլէյ-օֆի մրցումներուն արդիւնքները (Դ. հանգրուան)` հետեւեալ...

«Իւրայատուկ Մրցումին» Տոմսերը Սկսան Ծախուիլ

10 սեպտեմբերին, Ժունիէի «Ֆուատ Շեհապ» մարզահամալիրին մէջ, տեղի պիտի ունենայ ֆութպոլի «իւրայատուկ մրցումը», որուն ընթացքին ֆութպոլի աստղեր, որոնք մաս կազմած են Ռէալ Մատրիտի` Միշել Սալկատոյի օրերուն, պիտի մրցին լիբանանցի աստղերու խումբին դէմ, որուն կազմը պատրաստած է Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին խմբապետ Ռիտա Անթար: Անոր կազմին մէջ պիտի ըլլան Զիատ Սամատ, Եուսեֆ Մոհամետ, Ֆուատ Հիժազի, Ֆայսալ Անթար, Մուսա Հըժէյժ, Ապպաս...

Ըմբշամարտ. Մխիթար Գրիգորեան` Միջազգային Մրցաշարքի Յաղթող

Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի երիտասարդական հաւաքականը մասնակցեցաւ Տաղստանի մէջ կազմակերպուած միջազգային մրցաշարքի մը: 55 քկ դասակարգին մէջ, Մխիթար Գրիգորեան գերտպաւորիչ արդիւնքներ ձեռք ձգելով դարձաւ մրցաշարքի յաղթող` տիրանալով ոսկի մետալին: Իսկ պրոնզէ մետալներու տիրացան Հայկ Բադալեան (50 քկ), Արման Անտոնեան (55 քկ), Տիգրան Մնացականեան (74 քկ), Սարգիս Յովսէփեան, Յովհաննէս Մխիթարեան (84 քկ)...

«Չեմփիընզ Լիկ». Աւարտական Մրցումին Իրաւարարը` Անգլիացի

Ինչպէս ծանօթ է, 28 մայիսին Միլանի մէջ (Իտալիա) տեղի պիտի ունենայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտական մրցումը սպանական երկու խումբերու` Աթլեթիքօ Մատրիտի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ: «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ զուտ սպանական այս ճակատումին, կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Մարք Քլաթենպուրկ: Կողմի իրաւարարները պիտի ըլլան` Սայմըն Պեք եւ Ճեք Քոլին, իսկ բերդապահներուն ետեւի իրաւարարները` Անթոնի...

Տէր Զաքարեան Պիտի Փոխարինուի Ժիրարով

Ֆրանսական Նանթ ֆութպոլի ակումբը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին խումբին գլխաւոր մարզիչը պիտի ըլլայ Ռընէ Ժիրար: Անոր հետ պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 2018: Նշենք, որ ան պիտի փոխարինէ այժմու մարզիչ Միշել Տէր Զաքարեանը:

Page 1105 of 1276 1 … 1,104 1,105 1,106 … 1,276

Արխիւներ