
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ շաբաթ, 14 մայիսին, Մանարայի իր դաշտին վրայ Ռիատի Պէյրութ հիւրընկալեց ՀՄԸՄ-ը:
Երկու կազմերուն միջեւ տեղի ունեցած այս երրորդ մրցումին, Ռիատի 98-72 արդիւնքով (27-14, 45-33, 76-43 եւ 98-72) յաղթանակ մը արձանագրելով այժմ 2-1 արդիւնքով կը գերազանցէ ՀՄԸՄ-ը:
Այս երրորդ մրցումին ՀՄԸՄ չներկայացուց այն բացառիկ խաղարկութիւնը, որ ներկայացուցած էր առաջին երկու մրցումներուն, երբ բաւական նեղ կացութեան մատնած էր Լիբանանի ախոյեանը` Ռիատին:
ՀՄԸՄ-էն Ահմետ Իպրահիմ անհանգիստ ըլլալով մրցումին մասնակցեցաւ միայն 9,36 վայրկեան, որմէ ետք փոխադրուեցաւ հիւանդանոց յատուկ քննութիւններու ենթարկուելու եւ անհրաժեշտ բուժումը ստանալու համար:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Քեւին Կալըուէյ (18), ապա յաջորդաբար` Պիլալ Թապպարա, Տուայն Ճեքսըն (14-ական), Սեւակ Քեթենճեան (12), Նորվել Փել (10), Ահմետ Իպրահիմ, Պատիհ Սուէյտ (2-ական):
Երկու կազմերուն միջեւ չորրորդ մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 18 մայիսին գիշերուան ժամը 22:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
Այսօր, երեկոյեան ժամը 17:30-ին, Ղազիրի դաշտին վրայ, ժամը 21:30-ի փոխարէն: