«ԷՆ. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Արեւմտեան շրջանի փլէյ-օֆի աւարտական առաջին մրցումին, գործող ախոյեան Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ, որ հիւրընկալեց Օքլահոմա Սիթին, 98-92 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց անկէ:
Առաջին երեք քորթըրներուն տիրապետեց Ուորիըրզ, իսկ վերջինին` Օքլահոմա, արձանագրելով իր առաջին յաղթանակը:
Օքլահոմայէն Ռասըլ Ուեսթ-Պրուք եւ Քեւին Տիւրընթ յաջորդաբար նշանակեցին 27 եւ 26 կէտ, իսկ Ուորիըրզէն Սթեֆըն Քարի եւ Քլէյ Թոմսըն` 26 եւ 25 կէտ:
Երկու կազմերուն միջեւ երկրորդ ճակատումը եւս տեղի պիտի ունենայ Ուորիըրզի դաշտին վրայ: