– Գրիգոր Մխիթարեան`
Եւրոպայի Ախոյեան
– Վաչիկ Վարդանեան Եւ Տիգրան
Կիրակոսեան` Փոխախոյեան
Երէկ` երկուշաբթի, 16 մայիսին, ռուսական Քազան քաղաքին մէջ աւարտեցաւ Եւրոպայի սամպոյի ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 30 երկիրներէ շուրջ 400 մարզիկներ:
Հայաստանը ներկայացնող Գրիգոր Մխիթարեան հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան` աւարտականին 1-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռուսիոյ ներկայացուցիչ Արտուշ Արսեանին:
Հայաստանի այլ ներկայացուցիչ մը` Վաչիկ Վարդանեան հասաւ մինչեւ աւարտական, սակայն պարտուելով ռուս Ռուսլան Գասախանովէն, բաւականացաւ միայն արծաթ մետալով, կը յայտնէ Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:
Իր կարգին, Տիգրան Կիրակոսեան հանդիսացաւ Եւրոպայի փոխախոյեան` տիրանալով արծաթ մետալին:
52 քկ դասակարգին մէջ Կիրակոսեան աւարտականին միայն պարտութիւն մը կրեց իր ռուս մրցակիցէն:
Հայաստանի երկու այլ ներկայացուցիչները` Մխիթար Մխիթարեան (57 քկ) եւ Էդիկ Պետրոսեան (90 քկ), տիրացան պրոնզ մետալներու:



