
Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երկուշաբթի, 16 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, տեղի կ՛ունենայ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի առաջին մրցումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս իր այս մրցումը պիտի կատարէ իր նոր մարզիչին` Փաթրիք Սապայի հետ, որ նախորդ շաբաթավերջին նշանակուեցաւ մարզիչ` փոխարինելով Նեմանժա Պժեթովը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 19:30-էն զանոնք պիտի փոխադրեն «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ Ռաուտայի եւ Ֆանարի ակումբներէն:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:
Նշենք, որ «ֆայնըլ-ֆոր»-ի երկրորդ ճակատումին, այժմ Ռիատի Պէյրութ 2-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Անդրանիկ Պէյրութը: