Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ Անթիլիաս – Շապապ Արապի առաջին մրցումը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան մարզադաշտին վրայ:
ՀՄԸՄ Անթիլիաս 53-29 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով (15-7, 26-15, 38-25 եւ 53-29) այժմ 1-0 արդիւնքով կը յառաջանայ իր մրցակիցին վրայ:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Լէյլա Ֆարես (13 կէտ, 7 ռիպաունտ), ապա` Այտա Պախոս (11 կէտ, 8 ռիպաունտ), Սանտրա Նաժըմ (9) եւ Նաթալի Սվաճեան (8):
ՀՄԸՄ-ի թըրն-օվըրները եղան 22, մինչ Արապիյինները` 32:
ՀՄԸՄ-ի սթիլները եղան 17, մինչ հիւր կազմին սթիլները` 7:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի նոր մարզիչն է Փաթրիք Սապա:
Իսկ օրուան իրաւարարներն էին` Ռոժէ Օպէյտ, Ժորժ Պաաքլինի եւ Տանիէլ Էլիաս:
Սաժես – Մութթահետ` 3-1
Այլ գետնի վրայ, Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ Սաժես 83-82 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով Մութթահետի վրայ, այժմ 3-1 արդիւնքով կը գերազանցէ հիւսիսեան խումբը: