Գերմանական «Տէօյչէ Վելլէ» միջազգային կայքին, շուրջ 30 երկիրներու ընթերցողներուն քուէարկութեան շնորհիւ, «Պունտըսլիկա»-ի 2015-2016 տարեշրջանի լաւագոյն ֆութպոլիստ ճանչցուեցաւ Հայաստանի ազգային հաւաքականի եւ Պորուսիա Տորթմունտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, յայտնեց ArmSport.am:
27 տարեկան ֆութպոլիստը ստացաւ քուէարկողներու ձայներուն 26 տոկոսը` շրջացնելով Պայէր Լեւերքուզընի յառաջապահ Խաւիէ Հեռնանտեզին (21 տոկոս), Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ Ռոպերթ Լեվանտովսքիին եւ միջնապահ Թոմաս Միւլըրին (երկուքն ալ` 17 տոկոս):
Անդրադառնալով այս լուրին` Մխիթարեան ըսաւ. «Չեմ կարծեր, որ կայ աւելի լաւ մրցանակ, քան` ամբողջ աշխարհի համակիրներուն աջակցութիւնը: Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին»: