Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք, նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի տղոց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ ՀՄԸՄ Պէյրութ, 13 խումբերու կողքին:
Տղոց ախոյեանութեան զուգահեռ, այսօր կը սկսի նաեւ աղջկանց ախոյեանութիւնը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի աղջիկները այսօր յաջորդաբար կը մրցին Քաննուպինի եւ Մոն լա Սալի դէմ:
Նշենք, որ տղոց ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ Պէյրութ իր կատարած երկու մրցումներն ալ աւարտեց պարտութեամբ` Լիուա Սայտայէն (3-2) եւ Ժընուպ Թուլէն (3-1):