Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Ինքզինք Պարտադրեց Ռիատիի Վրայ Եւ Արդիւնքը Հաւասարեցուց` 2-2

May 19, 2016
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter
PROFOTO
PROFOTO
PROFOTO
PROFOTO

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ – Ռիատի չորրորդ մրցումը` ներկայութեամբ դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք մրցումին ամբողջ տեւողութեան քաջալերեցին իրենց կազմը` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ:

Տօնական այս մթնոլորտը հասաւ իր գագաթնակէտին, երբ մրցումին աւարտին ՀՄԸՄ ինքզինք պարտադրելով ախոյեան Ռիատիի վրայ, տարաւ վերջնական յաղթանակը` 83-79 արդիւնքով (25-15, 47-34, 63-66 եւ 83-79) եւ արդիւնքը հաւասարեցուց` 2-2:

ՀՄԸՄ կրնար կէտերու աւելի մեծ տարբերութեամբ ալ յաղթել իր հիւրին, մանաւանդ որ մրցումին տեւողութեան պահ մը կէտերու տարբերութիւնը բարձրացաւ 18-ի` ի նպաստ ՀՄԸՄ-ի (41-23):

Երրորդ քորթըրին վերջին հինգ վայրկեանին ՀՄԸՄ թեթեւ ընկրկում մը ունեցաւ` նկատի ունենալով, որ կազմը նշանակեց միայն 4 կէտ, մինչ Ռիատի 18 կէտ:

Չորրորդ քորթըրին եւս Ռիատի պահեց կէտերու առաւելութիւնը ի նպաստ իրեն (72-69), բայց վերջին 5 վայրկեանին ՀՄԸՄ-ի մարզիկնեը բացառիկ ներկայացում մը ցուցաբերելով նշանակեցին 14 կէտ (Ռիատի` 7) եւ տարին տպաւորիչ յաղթանակ մը:

Այստեղ պէտք է նշել, որ այս մրցումին ներկայ էր նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր նոր նշանակուած դեսպանը` Սամուէլ Մկրտչեան:

ՀՄԸՄ-ի եւ մրցումին ամէնէն շատ կէտը նշանակեց Տուայն Ճեքսըն` 31 կէտ (6 թրի փոյնթ` 12 փորձերէ ետք): Նորվել Փել նշանակեց 16 կէտ եւ 14 ռիպաունտ, Ահմետ Իպրահիմ` 15 կէտ, եւ Քեւին Կալըուէյ` 12 կէտ, 8 ռիպաունտ:

Ռիատիէն ամէնէն շատ կէտը նշանակեց` Քրիս Տանիելզ (20):

ՀՄԸՄ, որ ձեռք ձգեց 40 ռիպաունտ (Ռիատի` 32), 24 թրի փոյնթերէն 8-ն հասցուց իրենց նպատակին (33,3 տոկոսը), մինչ Ռիատի` 38-էն 11-ը (28,9 տոկոս):

Օրուան իրաւարարներն էին` Ֆաուզի Աշքութի, Ռապպահ Նըժէյմ եւ Ատել Խուէյրի:

Նախորդը

«Եուրոփա Լիկ». Սեւիլլա Տիրացաւ Տիտղոսին` 3-1 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Լիվըրփուլի

Յաջորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս 2-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Շապապ Արապին

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Շապապ Սաքաֆի Հերի

September 25, 2026
Ազգերու Լիկա.  Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա
Մարզական

Ազգերու Լիկա. Այսօր` Հայաստան – Լաթվիա

September 25, 2026
Ըմբշամարտ.  Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ
Մարզական

Ըմբշամարտ. Արսէն Ջուլֆալակեան Ոսկի Մետալ Նուաճեց… Արժանթինի Հետ

September 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.