Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի գործող տիտղոսակիր Բանանց շատ հաւանաբար վերանուանուի Արցախ, կը յայտնէ ArmSport.am:
Ակումբին պաշտօնական կայքին վրայ քուէարկութիւն կը կատարուի վերանուանումին համար, ըստ որուն, ակումբը կրնայ կրել նաեւ Մալաթիա անունը:
Մարզական լրատուական կայքը իր այս լուրը կ՛եզրափակէ, նշելով որ նախորդ շաբաթավերջին Բանանցի համակիրները դիմում ներկայացուցած էին երեւանեան ակումբին պատասխանատուներուն` փոխելու անոր անունը: