Քոսովոյի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի հանդիպումներուն, Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներէն Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Արման Փաշիկեան յաղթանակներ արձանագրեցին:
Զաւէն Անդրէասեան, Ռոպերթ Յովհաննիսեան, Հրանդ Մելքումեան, Մանուէլ Պետրոսեան եւ Գաբրիէլ Սարգսեան իրենց ճակատումները աւարտեցին հաւասարութեամբ:
Յովհաննէս Գաբուզեան միակն ըլլալով պարտութիւն մը կրեց:
Չորեքշաբթի, 18 մայիսին մրցում չկատարուեցաւ` հանգիստի օր ըլլալուն պատճառով:
Նշենք, որ Հայաստանը ներկայացնող կրանտմասթըրներուն մէջ ցարդ լաւագոյն արդիւնքը արձանագրած է Սամուէլ Տէր Սահակեան, որ 4,5 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 20-րդ դիրքը:
Առաջին դիրքը 5,5 կէտով կը գրաւէ Իվան Սարիչ (Խրուաթիա):