Լոնտոնի մէջ կը շարունակուին ջրային մարզաձեւերու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումները:
Հայաստանի լողարշաւի հաւաքականի անդամ Լեւ Սարգսեան, աշտարակի ցատկելու զտումի մրցումներուն ապահովելով 367,05 կէտ, գրաւեց 9-րդ դիրքը եւ անցաւ աւարտական հանգրուան: Ան ապա ապահովելով 432,75 կէտ, գրաւեց ընդհանուր դասաւորման 7-րդ դիրքը, հաղորդեց Հայաստանի Ազգային ողիմպիական կոմիտէի պաշտօնական կայքը:
Այս մրցաձեւին մասնակցեցան 12 մարզիկներ: Առաջին հանդիսացաւ Անգլիոյ ներկայացուցիչը` Թոմաս Տալէյ (570,50):