Երէկ գիշեր «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 2015-2016 տարեշրջանը հասաւ իր աւարտին, երբ Պալի մէջ (Զուիցերիա) գտնուող «Սենթ Եաքոփ Փարք» մարզադաշտին վրայ, 35 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, տեղի ունեցաւ աւարտական մրցումը` անգլիական Լիվըրփուլի եւ սպանական Սեւիլլայի միջեւ:
Սպանական կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, յաջորդաբար երրորդ տարին ըլլալով (մրցանիշ մը) տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին:
Հակառակ անոր որ Սեւիլլա Ա. կիսախաղին կը պարտուէր 1-0 արդիւնքով` Տանիել Սթարիճի նշանակած կոլին (35-րդ) պատճառով, սակայն Բ. կիսախաղին 46-րդ, 64-րդ եւ 70-րդ վայրկեաններուն Սեւիլլա նշանակելով երեք կոլ բարձրացուց տիտղոսը: