
Երէկ յետմիջօրէին Մոն լա Սալի մէջ (Այն Սաատէ) սկսան Լիբանանի փինկ փոնկի աղջկանց Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութեան մրցումները:
Ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող ՀՄԸՄ Պէյրութ արձանագրեց երկու յաղթանակ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Քաննուպինը եւ Մոն լա Սալը, երկուքն ալ` 3-0 արդիւնքով:
ՀՄԸՄ Պէյրութի մաս կը կազմեն Նոել Քէշիշեան, Լարա Քեչեպաշեան, Միրէյ Պոյաճեան, Դուին Մումջողլեան եւ Նենսի Մումջողլեան:
Իսկ խումբին մարզիչն է Լիբանանի երբեմնի աստղ եւ ախոյեան Րաֆֆի Մումջողլեան:


