Փարիզ Սեն Ժերմեն ֆութպոլի ակումբը մտադիր է երկարաձգել ակումբին ուրուկուէյցի յառաջապահ Էրինսոն Քաւանիի հետ իր ստորագրած պայմանագրութիւնը, այս մասին կը յայտնէ «Ֆութպոլ ֆրանս»-ը:
Անոր ստորագրած պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2018-ին, եւ մայրաքաղաքի կազմը կ՛ուզէ անոր հետ մէկ տարուան յաւելեալ պայմանագրութիւն մը ստորագրել:
Աւարտած այս տարեշրջանին Քաւանի 51 մրցումի ընթացքին նշանակեց 24 կոլ: