Sport.es կայքը կը հաղորդէ, որ քաթալոնական Պարսելոնա, նոր համաձայնագիր մը կնքեց «Նայքի» ընկերութեան հետ:
Ըստ նոր պայմանագիրին, «Նայքի» ընկերութիւնը Պարսելոնային պիտի վճարէ տարեկան 100 միլիոն եւրօ, ինչ որ մրցանիշ մըն է ակումբներու հետ հովանաւոր ընկերութիւններու կնքած պայմանագիրներուն առումով:
Երկու կողմերուն միջեւ այս համաձայնագիրը առաջին անգամ սկսաւ 1998-ին:
Նշենք, որ նախկին մրցանիշը կը պատկանէր «Ատիտաս» – Մանչեսթըր Եունայթըտ կողմերուն միջեւ կնքուած համաձայնագիրին, որ կ՛արժէր տարեկան 96 միլիոն եւրօ: