Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 18 մայիսին, երեկոյեան ժամը 20:00-ին, Մանարայի դաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ Շապապ Արապի – ՀՄԸՄ Անթիլիաս երկրորդ մրցումը:
ՀՄԸՄ-ի կազմը, որ նախանցեալ օր, իր կատարած առաջին մրցումին յաղթանակ մը արձանագրեց, այսօր ամէն գնով պէտք է արձանագրէ իր երկրորդ յաղթանակը:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ Ռիատիի դաշտ` քաջալերելու համար ՀՄԸՄ-ի մարզիկները: