Մակեդոնիոյ մայրաքաղաք Սքոփյէի մէջ աւարտեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին զարգացման մրցաշարքի Ա. հանգրուանի հանդիպումը, Հայաստանի եւ Մակեդոնիոյ 15 տարեկանէն վար ֆութպոլի հաւաքականներուն միջեւ:
Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ հայրենի կազմը իր 2-0 ուշացումը վերածեց 2-2 հաւասարութեան` շնորհիւ Ժիրայր Շաղոյեանի նշանակած երկու կոլերուն:
Հայաստան տարաւ վերջնական յաղթանակը, երբ փենալթիներով յաղթեց իր մրցակիցին:
Այսօր Հայաստանի 15 տարեկանէն վար հաւաքականը կը մրցի Պիելոռուսիոյ դէմ: