«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան Արեւմտեան շրջանի աւարտական երկրորդ ճակատումին, Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ 27 կէտի տարբերութեամբ` 118-91 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Օքլահոմա Սիթիին:
Այժմ արդիւնքը կ՛ընթանայ 1-1 հաւասարութեամբ` նկատի ունենալով, որ առաջին մրցումին Օքլահոմա ինք յաղթած էր:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Սթեֆըն Քարի նշանակեց 28 կէտ, մինչ Քեւին Տիւրընթ (Օքլահոմա)` 29 կէտ:
Նշենք, որ Արեւելեան շրջանի աւարտականին, այժմ Քլիվլենտ Քաւալիրզ 1-0 արդիւնքով կը գերազանցէ Թորոնթօ Ռեփթըրզ` առաջին մրցումին 115-84 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրած ըլլալուն համար: