Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան գերմանական ակումին հետ իր պայմանագրութիւնը չերկարաձգելու երկու պատճառ ունի:
Ինչպէս կը տեկեկացնէ «Պիլտ», 27 տարեկան ֆութպոլիստին գործակալը` Մինօ Ռայոլա, կ՛ուզէ, որ նոր պայմանագիրին մէջ նկատի առնուի հրաժարագինին վերաբերող կէտը, որուն սակայն համաձայն չեն Տորթմունտի պատասխանատուները:
Երկրորդ պատճառը Չելսիէն եկած խելահեղ առաջարկն է:
Նշենք, որ Տորթմունտի հետ Մխիթարեանի պայմանագրութիւնը կ՛աւարտի 2017-ին:
«Լաւ կ՛ըլլար, եթէ անոր գծով կացութիւնը յստականայ մինչեւ Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքին աւարտականը, կամ առաւելագոյնը` անկէ անմիջապէս ետք», կ՛ըսէ Տորթմունտի գործադիր տնօրէն Հանց-Եոաքիմ Վացքէ:
Վերոնշեալ աղբիւրին համաձայն, Տորթմունտ ամէն պարագայի պատրաստ պիտի ըլլայ 60 միլիոն եւրոյի փոխարէն տալ անոր ստորագրութիւնը:
Սակայն եւրոպական անուանի ակումբները, որոնք հետաքրքրուած են Մխիթարեանով, այդքան գումար մտադիր չեն վճարելու:
Եթէ մինչեւ 2017 Մխիթարեան որեւէ կազմի չմիանայ, ապա ան պիտի դառնայ ազատ մարզիկ, եւ գերմանական ակումբը ոչ մէկ գումար պիտի ստանայ այլ կազմի մը անոր փոխանցումէն: