Մարզական

Ռիօ-2016. Յստակացան Հայաստանի Հաւաքականին Վերջին Անդամները

Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը գրէ, որ լողորդներ Վահան Մխիթարեան եւ Մոնիքա Վասիլեան, Ռիօ-2016-ի ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու իրաւունք ստացած են` «ճերմակ քարտ»-ով: Հայաստանի Հանրապետութեան պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով է, որ Հայաստան ամառնային ողիմպիականի խաղերուն կ՛ունենայ 33 ներկայացուցիչ: Արդէն իսկ որոշուած է 32-ը: Մնացած է միայն երկու կին ծանրաբարձներէն մէկը: Նշենք, որ յառաջիկայ 5 օգոստոսին սկսելիք այս 31-րդ...

«Ազդակ»-ի Եուրօ-2016-ի  Մրցանքը  (Վերջին Ժամկէտ. Այսօր՝ ժամը 18:00-ին)

«Ազդակ»-ի Եուրօ-2016-ի Մրցանք. Դրօ Մսըրլեան Շահեցաւ Պէյրութ-Վառնա-Պէյրութ Երթուդարձի Օդանաւային Տոմսը

Նախապէս յայտնած էինք, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան առիթով «ԱԶԴԱԿ» կազմակերպած էր յատուկ մրցանք մը, որուն յաղթողը պիտի ստանար Պէյրութ-Վառնա-Պէյրութ երթուդարձի օդանաւային տոմս մը, մէկ շաբթուան կեցութեան, պանդոկի եւ փոխադրութեան (օդակայանէն պանդոկ եւ պանդոկէն օդակայան) ծախս` «The Travel Shop-Orient Plus» ճամբորդական ընկերութեան կողմէ: Վերջին պայմանաժամ ճշդուած էր հինգշաբթի, 30 յունիս 2016: Մինչեւ վերոնշեալ թուականը, «ԱԶԴԱԿ»-ի խմբագրատուն հասան 85 կտրօններ, բնականաբար`...

Պասքեթպոլ.  Լիբանան Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Պասքեթպոլ. Լիբանան Արձանագրեց Իր Երրորդ Յաջորդական Յաղթանակը

Լիբանանի տղոց 18 տարեկանէն վար ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Աղեքսանդրիոյ մէջ (Եգիպտոս) տեղի ունեցող Արաբական պասքեթպոլի ախոյեանութեան, երէկ արձանագրեց իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը 31 կէտի տարբերութեամբ` 96-56 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Լիպիան: Նշենք, որ իր կատարած առաջին մրցումին Լիբանան 76-61 արդիւնքով յաղթեց Իրաքի, իսկ երկրորդին` Թունուզի, 88-76 արդիւնքով: Այսօր Լիբանան կը մրցի Ալճերիոյ դէմ:  

«Եուրոփա Լիկ».  Շիրակ – Սպարտակ Թրնավա Մրցումին Իրաւարարը` Ղազախստանէն

«Եուրոփա Լիկ». Շիրակ – Սպարտակ Թրնավա Մրցումին Իրաւարարը` Ղազախստանէն

ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 14 յուլիսին, Շիրակ - Սպարտակ Թրնավա «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Ղազախստանէն: Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Արտյոմ Քուչին: Նշենք, որ Գիւմրիի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:  

17 Տարեկանէն Վար Հաւաքական. Հայաստանի Ֆութպոլի Կազմը Կը Մեկնի Պիելոռուսիա

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ 25 օգոստոսին Հայաստանի 17 տարեկանէն վար հաւաքականը պիտի մեկնի Պիելոռուսիա, ուր 26 եւ 28 օգոստոսին պիտի ունենայ բարեկամական մրցումներ Պիելոռուսիոյ իր հասակակիցներուն դէմ:

Ռիօ-2016. Տուկլաս Քոսթա Բացակայ` Պրազիլի Կազմէն

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբին եւ Պայէրն Միւնիխի միջնապահ Տուկլաս Քոսթա վիրաւոր ըլլալուն պատճառով իր մասնակցութիւնը պիտի չկարենայ բերել Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն: Այս մասին յայտնեց միւնիխեան ակումբին նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ: Նշենք, որ Քոսթա, ողիմպիականի խաղերուն ֆութպոլի մրցաշարքին մասնակցելու համար Պրազիլի խումբ հրաւիրուած 23 տարեկանէն վեր երեք ֆութպոլիստներէն մէկն է:  

Կրացիանօ Փելէ` Առաջին Հնգեակին Մէջ

Միջազգային մամուլը կը գրէ, թէ Կրացիանօ Փելէ, որ իր ակումբէն` Շանտու Լունէէն (Չինաստան) պիտի գանձէ տարեկան 16 միլիոն եւրօ աշխատավարձք, մտաւ աշխարհի ամէնէն բարձր վարձատրուող ֆութպոլիստներուն հնգեակին մէջ: Նշենք, որ տարեկան 16 միլիոն եւրօ պիտի գանձնէ նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի նորեկը` Զլաթան Իպրահիմովիչ: Վերոնշեալ երկուքէն աւելի կը գանձեն միայն Նէյմար, Հալք, Քրիսթիանօ Ռոնալտօ եւ Լիոնել Մեսսի:

Փորթուգալի Նախագահը 3-րդ Կարգի Աստիճանի Պատուոյ Շքանշաններով Պատուեց Նորընծայ Եւրոպայի Ախոյեանը

Փորթուգալի նախագահ Մարսելու Ռեպելու Տէ Սուսա երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին ֆութպոլիստները պարգեւատրեց 3-րդ կարգի աստիճանի պատուոյ շքանշաններով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌՈՅԹԸՐԶ» լրատու գործակալութիւնը: Նախորդ շաբաթավերջին Փորթուգալ հանդիսացաւ Եւրոպայի ախոյեան իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով: Երկրին նախագահը դրուատիքով արտայայտուեցաւ ախոյեանութիւն կերտած բոլոր մարզիկներուն ցուցաբերած տպաւորիչ խաղարկութեան մասին: Նշենք, որ Գերմանիա եւ Սպանիա տիտղոսին տիրացած են երեքական անգամ, իսկ Ֆրանսա`...

Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Պենֆիքա Տուգանքի Ենթարկուեցան

Եուրօ-2016. Հաւաքականներուն Ստացած Գումարները

  «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին պաշտօնական կայքին համաձայն, Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնը պիտի ստանայ 25,5 միլիոն եւրօ` Եւրոպայի ախոյեան հանդիսացած ըլլալուն համար, իսկ փոխախոյեանը` Ֆրանսան, 23,5 միլիոն եւրօ: Ախոյեանութեան մասնակցած բոլոր խումբերն ալ կը ստանան 8-ական միլիոն եւրօ: Խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցած իւրաքանչիւր յաղթանակի համար խումբերը կը ստանան մէկական միլիոն եւրօ, իսկ հաւասարութեան համար` 500 հազարական եւրօ: 1-8-րդ հանգրուանին բոլոր խումբերը...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ. Ապտօ Ֆըղալի Տիրացաւ Արզի 25-րդ Ռելիին

PROFOTO Կազմակերպութեամբ` «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 10 յուլիսին տեղի ունեցաւ Արզի 25-րդ ռելին, հովանաւորութեամբ Լիբանանեան բանակի հրամանատար, զօր. Ժան Քահուաժիի: Ապտօ Ֆըղալի, որ կը վարէր Ֆորտ Ֆիեսթա Ար.-5 ինքնաշարժը, իր օգնականին` Մարք Հատտատի հետ, հանդիսացաւ առաջին, արձանագրելով` 1 ժամ 04' 18" արդիւնք մը: 2-րդ դիրքը գրաւեց Ռոժէ Ֆըղալի-Ժոզեֆ Մաթար զոյգը (Միթսուպիշի Լանսըր-Էվօ-9), որ արձանագրեց` 1 ժամ 05' 12" արդիւնք...

Վազքի Մրցում.  ՀՄԸՄ` Լեռնալիբանանի Մէջ

Վազքի Մրցում. ՀՄԸՄ` Լեռնալիբանանի Մէջ

Կիրակի, 10 յուլիս 2016-ին, Լեռնալիբանանի Քնէյսէ գիւղի քաղաքապետութիւնը կազմակերպած էր 10 քմ վազքի մրցում մը: Մրցումին ներկայ էին շրջանի կրօնական եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ: 10 քմ վազքին կը մասնակցէին 250-էն աւելի երկսեռ մարզիկներ, մարզական տարբեր ակումբներէն: ՀՄԸՄ եւս ներկայ էր այնտեղ: Վազքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 8:00-ին` Քնէյսէ գիւղի եկեղեցւոյ շրջափակէն: Մարզիկները խանդավառօրէն վազեցին շրջանի կանաչապատ լեռներուն մէջէն ու վերադարձան նոյն վայրը:...

Գէորգ Օհանեան Մէկ Տարուան Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Գանձասար – Կապանի Հետ

Գանձասար-Կապանի մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ խումբին շարքերուն միացաւ 24 տարեկան յառաջապահ` Գէորգ Օհանեան: Բարձրագոյն դասակարգին մաս կազմող ակումբը, մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց հայրենի ֆութպոլիստին հետ: Նախքան Գանձասար-Կապանի միանալը, Օհանեան մաս կը կազմէր լիբանանեան ՀՄԸՄ ֆութպոլի խումբին, կը հաղորդէ ArmSport.am-ը: Նշենք, որ Օհանեան նաեւ հանդէս եկած է Ալաշկերտի, Բանանցի եւ Արարատի հետ, իսկ Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակցած է 8...

Հուփս Պատուեց Իտալիոյ Միջազգային Մրցաշարքին Մասնակցողները

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Հուփս ակումբը, պատուեց իր մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերելով Մաթիրայի (Իտալիա) պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքին, արձանագրեց տպաւորիչ արդիւնքներ: Այս մեծարանքին ներկայ էին Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Ապտել Մութթալեպ Հեննաուի, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ` Ժան Համմամ, Հուփս ակումբի նախագահ` Ժասեմ Քանսօ եւ այլ հրաւիրեալներ: Նշենք, որ Հուփս, յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, այս մրցաշարքին գրաւեց 2-րդ դիրքը: Աւարտին,...

Թենիս. Կախակայուած Շարափովա Պիտի Բացակայի Ռիօ-2016-ի Ողիմպիականէն

Հինգ կրան շլեմի թենիսի տիտղոսներու տիրացած ռուս Մարիա Շարափովա, որ նախորդ յունիսին երկու տարիով կախակայուեցաւ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ, արգիլեալ խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար, պիտի բացակայի Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերէն, նկատի ունենալով որ հարցաքննութեան թուականը յետաձգուեցաւ յառաջիկայ սեպտեմբերին, յայտնեց միջազգային մարզական դատարանը ("CAS"): 29 տարեկան Շարափովա եւ թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը, թէեւ ներկայացան "CAS"-ին, բայց եւ այնպէս, անոր կախակայման հարցը պիտի...

4 Տարուան Համար Հարտեն Պիտի Գանձէ 118 Միլիոն Ամերիկեան Տոլար

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մասնակցող խումբերէն` Հիուսթըն Ռոքեթցի մարզիկ` Ճէյմզ Հարտեն իր պայմանագրութիւնը երկարաձգեց իր կազմին հետ` յաւելեալ 4 տարի եւս մնալով իր կազմին հետ: Նախորդ պայմանագրութիւնը կ՛աւարտէր 2018-ին: 2016-2017 տարեշրջանին համար, ան պիտի գանձէր 16,8 միլիոն ամերիկեան տոլար, իսկ 2017-2018 տարեշրջանին համար` 17,8 միլիոն ամերիկեան տոլար: Ինչ կը վերաբերի նոր համաձայնագիրին, 26 տարեկան մարզիկը, յառաջիկայ 4 տարիներուն պիտի...

Եուրօ-2016. Սանչես` Լաւագոյն Երիտասարդ Ֆութպոլիստը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը ճանչցուեցաւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի 18 տարեկան միջնապահ` Ռենաթօ Սանչեսը: Պայէրն Միւնիխի նորեկը, 5 մրցումի ընթացքին նշանակեց մէկ կոլ: Երկրորդը հանդիսացաւ Պայէրն Միւնիխի ֆրանսացի միջնապահ Քինկզլի Քոման, իսկ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց Պորուսիա Տորթմունտի փորթուգալցի միջնապահ Ռաֆայէլ Կերերօ:  

Թենիսի Միջազգային Նոր Դասաւորում. Գերմանացի Քերպըր Բարձրացաւ 2-րդ Դիրք

Ինչպէս ծանօթ է, որ նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային մրցաշարքը, որուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը հրապարակեց նոր դասաւորումը: Աղջկանց դասաւորման մէջ, 4-րդ դիրքէն 2-րդ դիրք բարձրացաւ գերմանացի Անճելիք Քերպըր, որ աւարտականին պարտուեցաւ ամերիկացի Սերենա Ուիլիամզէն: Ստորեւ` նոր դասաւորումը (փակագիծերուն մէջ` անոնց գրաւած նախկին դիրքերը). ԱՂՋԻԿՆԵՐ    ԿԷՏ 1.- (1) Սերենա Ուիլիամզ (Մ. Ն.) 8330 2.- (4)...

Տեշան Պիտի Մնայ Իր Պաշտօնին Վրայ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբին մարզիչ` Տիտիէ Տեշան, յայտնեց, որ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ, հակառակ անոր որ իր կազմը 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Փորթուգալէն, Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի ճակատումին: Այժմ, Տեշան պիտի փորձէ լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգել 2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարքին, ինչպէս նեաւ միջազգային այլ մրցաշարքերու ընթացքին: Նշենք, որ միջազգային մամուլը եւ շարք մը ֆրանսական լրատու գործակալութիւններ...

Եւրոպական Ֆութպոլ. Ռոնալտօ Բացակայ` Եւրոպայի Գերբաժակի Մրցաշարքի Մրցումէն

Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, բժիշկներուն նախնական գնահատանքով, շուրջ մէկ ամիս չի կրնար մարզուիլ: Ինչպէս ծանօթ է, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին ձախ ոտքին մկանները ծանր վնասուածք ստացան, նախանցեալ օր տեղի ունեցած Փորթուգալ - Ֆրանսա Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին սկիզբը: Marca կը յայտնէ որ ան 9 օգոստոսին պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ռէալ...

Մարիօ Կէօթցէ Որոշեց Լքել Պայէրն Միւնիխը

Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ` Մարիօ Կէօթցէ, ամառնային մարզիկներու փոխանցման ընթացքին, կ՛ուզէ լքել իր ակումբը` Պայէրն Միւնիխը, այս մասին կը յայտնէ "Bild"-ը: 24 տարեկան ֆութպոլիստը, որ նախապէս կ՛ուզէր մնալ իր կազմին հետ, այժմ բանակցութիւններու սկսած է անգլիական երկու ակումբներու` Թոթենհամի եւ Լիվըրփուլի հետ, կը յայտնէ վերոնշեալ աղբիւրը: Կը խօսուի նաեւ Պորուսիա Տորթմունտ անոր վերադարձին մասին, ուրկէ ան հեռացած էր 2013-ին:...

Page 1087 of 1276 1 … 1,086 1,087 1,088 … 1,276

Արխիւներ