
ArmSport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը կը յայտնէ, որ 14 յուլիսին, Շիրակ – Սպարտակ Թրնավա «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Բ. հանգրուանին երթի մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան Ղազախստանէն:
Կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ Արտյոմ Քուչին:
Նշենք, որ Գիւմրիի մէջ տեղի ունենալիք այս մրցումը պիտի սկսի ժամը 17:00-ին` Երեւանի ժամանակացոյցով:


