
Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի խմբապետ` Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, բժիշկներուն նախնական գնահատանքով, շուրջ մէկ ամիս չի կրնար մարզուիլ:
Ինչպէս ծանօթ է, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստին ձախ ոտքին մկանները ծանր վնասուածք ստացան, նախանցեալ օր տեղի ունեցած Փորթուգալ – Ֆրանսա Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին սկիզբը:
Marca կը յայտնէ որ ան 9 օգոստոսին պիտի չկարենայ իր մասնակցութիւնը բերել Նորվեկիոյ մէջ տեղի ունենալիք Ռէալ Մատրիտ – Սեւիլլա Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին աւարտականի մրցումին:


