Մարզական

Եուրօ-2016.  Փորթուգալ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Եուրօ-2016. Փորթուգալ Առաջին Անգամ Ըլլալով Տիտղոսակիր` Ֆրանսայի Մէջ

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը երէկ գիշեր հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտականի ճակատումը, հիւրընկալ երկրին` Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի միջեւ: Հիւրընկալ Երկիրը` Ֆրանսա 1-0 Արդիւնքով Պարտուեցաւ Փորթուգալէն Ճիշդ ամիս մը տեւած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին աւարտեցաւ, երբ Ֆրանսայի մայրաքաղաք` Փարիզի Սթատ տը Ֆրանս-ի դաշտին մէջ, 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, Փորթուգալ 1-0 արդիւնքով...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ապահովեց Ֆայնըլ-Ֆորին Իր Տոմսը

Ժաք Նալպանտեան ցուցմունքներ կու տայ մարզիկներուն Երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին, «ՀԲԸՄ»-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), տեղի ունեցան Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան, 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, իր կատարած վերջին մրցումին 50-45 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, գրաւեց վերջնական դասաւորման երրորդ դիրքը, ապահովելով ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իր տոմսը, ուր կը ճակատի Անդրանիկ Սին Էլ Ֆիլի դէմ, որ հանդիսացաւ...

Ալաշկերտ Պարգեւատրուեցաւ

Յատուկ երեկոյի մը ընթացքին, Հարսնաքար համալիրին մէջ, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ Հայաստանի ախոյեան` Ալաշկերտի պարգեւատրման արարողութիւնը: Խումբին յանձնուեցան Հայաստանի ախոյեանութեան տիտղոսը եւ ոսկի մետալները: Տիտղոսը յանձնողը եղաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի առաջին փոխնախագահ Արմէն Մինասեան: Այս հանդիսութեան ընթացքին, Ալաշկերտ ֆութպոլի ակումբին նախագահ, գլխաւոր մարզիչ Աբրահամ Խաշմանեանին նուիրեց «Ճիփ» ինքնաշարժ մը, մինչ ֆութպոլիստները ստացան նիւթական պարգեւներ: Նշենք, որ այս տարի, առաջին անգամ...

Սարգիս Յովսէփեան Ներկայացուց Իր Հրաժարականը

Փիւնիկ Երեւանի գլխաւոր մարզիչ` Սարգիս Յովսէփեան, իր տուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին, պաշտօնապէս յայտարարեց, որ կը հրաժարի իր պաշտօնէն, նկատի ունենալով, որ իր ակումբին չկրցաւ ապահովել «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին Բ. հանգրուանին տոմսը: Փիւնիկ, թէեւ Եուրոփա խումբին դէմ (Ճիպրալթար) տեղի ունեցած դարձի մրցումին 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց, սակայն դուրս մնաց հետագայ պայքարէն, նկատի ունենալով, որ երթին 2-0 արդիւնքով պարտութիւն...

Թենիս. Ուիմպըլտըն.  Միւրէյ Եւ Սերենա` Տիտղոսակիր

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Միւրէյ Եւ Սերենա` Տիտղոսակիր

Երէկ` կիրակի, 10 յուլիսին, աւարտեցաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտականի մրցումը, 2-րդ դասուած անգլիացի Էնտի Միւրէյի եւ քանատացի Միլոշ Ռաոնիչի (6-րդ) միջեւ: Միւրէյ, որ առաջին անգամ ըլլալով, 2013-ին տիրացաւ այս մրցաշարքին տիտղոսին, երկրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց այս տիտղոսը, երբ 6-4, 7-6 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց իր մրցակիցին: Ինչ կը վերաբերի աղջկանց աւարտականի ճակատումին,...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիչը Հեռացաւ Իր Պաշտօնէն

Իր պաշտօնական կայքով Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ ընդունեց ազգային խումբին մարզիչ` Խերարտօ Մարթինոյի ներկայացուցած հրաժարականը: Նշենք, որ անոր հետ Արժանթին հասաւ 2015-ի եւ 2016-ի Քոփա Ամերիքայի ֆութպոլի մրցաշարքին աւարտականին, ուր սակայն պարտուեցաւ Չիլիէն: Ան, 2014-ին նշանակուած էր խումբին մարզիչը: Ինչ կը վերաբերի խմբապետ Լիոնել Մեսսիին, ան հաստատ կը մնայ իր տուած որոշումին վրայ, ըսելով, որ իրեն համար միջազգային ասպարէզը...

Յառաջիկայ 31 Օգոստոսին` Չեխիա – Հայաստան Ֆութպոլի Բարեկամական Մրցում

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ յառաջիկայ 31 օգոստոսին, Հայաստանի ազգային հաւաքականը բարեկամական մրցում մը պիտի կատարէ Չեխիոյ դէմ, Փլզեն քաղաքի դաշտին վրայ: Այս մրցումը պիտի ըլլայ նախապատրաստութիւն` Դանիոյ դէմ տեղի ունենալիք 2018-ի մոնտիալին զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ:  

Պիելսա Նշանակուեցաւ Լացիօ Ռոմայի Մարզիչ

Իտալական Լացիօ Ռոմա ֆութպոլի ակումբը, իր պաշտօնական կայքով յայտարարեց, որ Մարսելօ Պիելսա նշանակուեցաւ խումբին մարզիչ: 60 տարեկան արժանթինցին, 9 յուլիսին պիտի հասնի Հռոմ, պաշտօնապէս ստանձնելու համար իր նոր պաշտօնը: Անոր նախկին ակումբն էր Մարսէյը, որմէ հեռացաւ օգոստոս 2015-ին: Նշենք, որ Լացիօ Ռոմայի նախկին մարզիչն էր Սիմէոնէ Ինցակի:  

Եուրօ-2016.  Վաղը` Ֆրանսա – Փորթուգալ Աւարտականի Մրցումը

Եուրօ-2016. Վաղը` Ֆրանսա – Փորթուգալ Աւարտականի Մրցումը

Ամիս մը տեւած Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը, վաղը` կիրակի կը հասնի իր աւարտին, մրցաշարքը հիւրընկալող երկրին` Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի միջեւ: Կիսաւարտականի առաջին ճակատումին, որ իրարու դէմ հանեց Փորթուգալը եւ Կալեսը, Եւրոպայի փոքր Պրազիլը նկատուող Փորթուգալ, աւելի քան 55 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Քրիսթիանօ Ռոնալտօ Խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ, փոխանցում մը ստանալով Ռաֆայէլ Կէօրէյրոյէն, 50-րդ վայրկեանին նշանակեց իր...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Անուար` 29-35

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` 7-րդ Եւ Վերջին Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի աղջկանց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 7-րդ եւ վերջին հանգրուանի բոլոր մրցումները տեղի կ՛ունենան վաղը` կիրակի, 10 յուլիսին, ՀԲԸՄ-ի Տեմիրճեան կեդրոնին մէջ (Նաքքաշ), ստորեւ տրուած յայտագիրին հիմամբ. ԺԱՄ Հուփս Մաթըն - ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 13:00 Պըրժ Այնթուրա - ՀՄԸՄ Պէյրութ 14:30 Անուար - Պիլիվըրզ 16:00 Անդրանիկ Սին էլ Ֆիլ - Ժամհուր 17:30

Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Հենրիխ Մխիթարեան Միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի

Չորեքշաբթի, 6 յուլիսին, անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտ ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ իր կազմին միացուց Պորուսիա Տորթմունտի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ` Հենրիխ Մխիթարեանը: 27 տարեկան Մխիթարեան, չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց, յաւելեալ մէկ տարուան համաձայնագիրով մը: Տորթմունտի հետ երեք տարեշրջանի ընթացքին, Մխիթարեան 140 մրցումի ընթացքին նշանակեց 41 կոլ: «Շատ հպարտ եմ Մանչեսթըրին միանալով, որովհետեւ այս փոխանցումը երազի մը իրականացումն է:...

Ռիօ-2016. Հայաստան Ողիմպիականին Տոմս Մը Եւս Ապահովեց

Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն կը տեղեկանանք, որ Վենեզուելայի մէջ տեղի ունեցող «APB»-ի եւ «WSB»-ի արհեստավարժ կռփամարտիկներու ողիմպիականի վարկանիշային մրցաշարքին, Հայաստանը ներկայացնող 64 քկ դասակարգի մարզիկ Յովհաննէս Պաչքով, կիսաւարտականին յաղթելով ուքրանացի իր մրցակիցին, հասաւ աւարտական հանգրուան եւ նուաճեց ողիմպիականի խաղերուն տոմս մը: Այսպիսով, Հայաստանի հաւաքականի 5 անդամներ, կը մասնակցին Ռիօ-2016-ի ողիմպիականի խաղերուն: Նշենք, որ Անկախ Հայաստանի պատմութեան մէջ, առաջին անգամ...

Հայաստանի Ճատրակի Վեթերանները` Աշխարհի Փոխախոյեան

Իր լուրը քաղելով Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքէն, ArmSport.am յայտնեց, որ Գերմանիոյ մէջ աւարտած աշխարհի ճատրակի վեթերաններու խմբային ախոյեանութեան, Հայաստանի տղոց հաւաքականը գրաւեց 2-րդ դիրքը: Վերջին` 9-րդ հանգրուանին, Հայաստան 2,5-1,5 արդիւնքով յաղթեց Գերմանիոյ եւ շահեցաւ 16 կէտ: Նոյնքան արդիւնք արձանագրեց նաեւ Գերմանիա-1 խումբը: Ախոյեանը ճշդելու համար, պէտք եղաւ հաշուել կէտերու ընդհանուր գումարը, Գերմանիա ապահովեց 26,5 կէտ, մինչ Հայաստան` 26: Այսպիսով,...

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Քերպըր – Սերենա Աղջկանց Հետաքրքրական Աւարտական

Անճելիք Քերպըր Ուիմպըլտընի կրան-շլեմի միջազգային թենիսի բաց մրցաշարքին աղջկանց կիսաւարտականի ճակատումներէն ետք, յստակացան աւարտականին հասնող մարզիկները: Աղջկանց աւարտականի ճակատումը, կրնար ըլլալ Ուիլիըմզ քոյրերուն միջեւ, սակայն 4-րդ դասուած գերմանացի Անճելիք Քերպըր արգելք հանդիսացաւ` նկատի ունենալով, որ ան 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով յաղթեց 8-րդ դասուած ամերիկացի իր մրցակիցին` Վինըս Ուիլիըմզին: Աւարտականին, պայքարը պիտի ըլլայ սուր, անոր եւ թիւ 1 դասուած Սերենային միջեւ:...

Պասքեթպոլի Հաւաքականը Վերադարձաւ Հայաստան

Պասքեթպոլի Հաւաքականը Վերադարձաւ Հայաստան

Երէկ` երեքշաբթի, 5 յուլիսին, Հայաստանի տղոց պասքեթպոլի ազգային հաւաքականը, Մոլտովիայէն վերադարձաւ հայրենիք: «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, հայկական պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին մեծ թիւով մարզասէրներ, մարզիկներուն ընտանեկան պարագաները, ինչպէս նաեւ Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար` Գաբրիէլ Ղազարեան, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը: Նշենք, որ Քիշինեւի մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի փոքր երկիրներու տղոց պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Հայաստանի հաւաքականը հանդիսացաւ ախոյեան: Հայրենիք հասնելէն կարճ ժամանակ...

Եուրօ-2016. Այսօր` Փորթուգալ – Կալես. Վաղը` Ֆրանսա – Գերմանիա

Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցաշարքը, արդէն իսկ հասած կը նկատուի իր աւարտին, նկատի ունենալով, որ մնացած են կիսաւարտականի երկու ճակատումները եւ աւարտականի մրցումը: Կիսաւարտականի առաջին ճակատումը տեղի պիտի ունենայ այսօր, երբ Փորթուգալ պիտի ճակատի Կալեսի դէմ: Իսկ երկրորդ մրցումին, վաղը, իրարու դէմ պիտի գան հիւրընկալ երկիրը` Ֆրանսա եւ Գերմանիա: Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին,...

Եուրօ-2016. Աւարտականի Մրցումին Իրաւարարը` Քլաթենպըրկ… Եթէ Կալես Պարտուի Կիսաւարտականին

Մարք Քլաթենպըրկ Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Տը Թելեկրաֆ» յայտնեց, որ Ֆրանսայի մէջ տեղի ունեցող Եուրօ-2016-ի Եւրոպայի ֆութպոլի ախոյեանութեան աւարտականի մրցումին գլխաւոր իրաւարարը պիտի ըլլայ անգլիացի Մարք Քլաթենպըրկ` եթէ Կալես Փորթուգալէն պարտութիւն մը կրէ կիսաւարտականին: Աղբիւրին համաձայն «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն, Կալեսը, Անգլիան, Սկովտիան եւ Հիւսիսային Իրլանտան կը նկատէ տարբեր երկիրներ: Սակայն, Մեծն Բրիտանիան ներկայացնող խումբի մը աւարտականի մրցում կատարելը...

Արթուր Սարգիսով Միացաւ Ռուսական Մոլտովիա Խումբին

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին յառաջապահ` Արթուր Սարգիսով, միացաւ ռուսական Մոլտովիա Սարանսքի ֆութպոլի ակումբին: Կը նշուի, որ 29 տարեկան ֆութպոլիստը, իր նոր ակումբին հետ ստորագրէ 2 տարուան համաձայնագիր մը: Նշենք, որ ռուսական ակումբ տեղափոխուեցան նաեւ` միջնապահ Արմէն Համբարձումեան եւ յառաջապահ Արթուր Մալոյեան: Լուրը, որ փոխանցեց հայկական լրատու աղբիւրներէն` ArmSport.am-ը, եզրափակեց ըսելով, որ նոր տարեշրջանին, Մոլտովիա հանդէս պիտի գայ Ռուսիոյ Ա. դասակարգի...

Պասքեթպոլ. Տիւրընթ Կը Լքէ Օքլահոման, Միանալու Համար Ուորիըրզի

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող եւ նախապէս ամէնէն աւելի արժէքաւոր մարզիկի տիտղոսին տիրացած` Քեւին Տիւրընթ, իր կազմը` Օքլահոմա Սիթին լքելով, կը միանայ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի: 27 տարեկան յառաջապահը, իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ Ուորիըրզը պիտի ըլլայ իր կեանքին նոր հանգրուանը: Ուորիըրզի միանալով, ան իրեն խմբակից պիտի ունենայ Սթեֆըն Քարին, որ 2015-ին հանդիսացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի...

«Եուրոփա Լիկ». Շիրակ – Տիլա Մրցումին Իրաւարարը Լիթուանիայէն

Հինգշաբթի, 7 յուլիսին, Հայաստանի ժամանակացոյցով, ժամը 17:00-ին, Գիւմրիի քաղաքային մարզադաշտին մէջ տեղի կ՛ունենայ «Եուրոփա լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին զտումի Ա. հանգրուանին, Շիրակ - Տիլա դարձի մրցումը: Երթի մրցումը, վերջ գտաւ վրացական կազմին յաղթանակով` 1-0 արդիւնքով: Հայրենի կազմը, նուազագոյնը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը պէտք է արձանագրէ ապահովելու համար յաջորդ հանգրուանին իր տոմսը: Շիրակի պաշտօնական կայքը տեղեկացուց, որ այս մրցումին իրաւարարները պիտի ըլլան...

Page 1088 of 1276 1 … 1,087 1,088 1,089 … 1,276

Արխիւներ